Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը դիմատետրի իր էջով կը տեղեկացնէ, որ «Աճնիհաթ Շամ» ընկերութեան օդանաւով Երեւանի օդակայանէն Հալէպի օդակայան ղրկած է Հայաստանի ժողովուրդին եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու կողմէ մարդասիրական օժանդակութիւն՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն համար:

Մէկուկէս թոն ծանրութեան հասնող օժանդակութիւնը ընգրկած է մանուկներու յատուկ դեղորայք եւ կաթ, բժշկական անհրաժեշտ պարագաներ եւ հանդերձ:

Դեսպանութիւնը դիմատետրի իր էջով շնորհակալութիւն յայտնած է օժանդակութիւն տրամադրողներուն եւ «Աճնիհաթ Շամ» օդանաւային ընկերութեան՝ իրենց գործակցութեան համար: