Ձերբակալուած է ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան։

Բացայայտ է և աներկբայ. Արմէն Աշոտեան քաղաքական հալածեալ է, իսկ գործող իրաւապահ համակարգը իրականացուցած է օրուան վարչական դրութեան քաղաքական պատուէրը:

Կատարուածը Հայաստանի մէջ օրէցօր խորացող բռնաճնշումները, ընդդիմադիրները լռեցնելու, երկրին մէջ տիրող վախի եւ յուսահատութեան մթնոլորտը խորացնելու նպատակ կը հետապնդէ:

Սա իշխանութիւններուն` յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնններուն առջեւ ծառացած գոյութենական սպառնալիքներէն հանրութիւնը շեղելու եւ սեփական դիրքերը ամրապնդելու հերթական սին քայլ է:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը դատապարտէ ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումը եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ երկրին մէջ խորացող հակաժողովրդավարական եւ հակաիրաւական այս ընթացքին վրայ։

Ընդդիմադիր սկզբունքային գործիչներու արդար ընդվզումը հնազանդեցնելու բոլոր քայլերը կարճատես են եւ դատապարտուած։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

16 Յուլիս 2023