«Արմէնփրէս»._ Ազգային Ժողովին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան՝ պատասխանեց հարցումին, թէ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ արձագանգա՞ծ է իր՝ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու աշխատանքային հանդիպում կատարելու առաջարկին։Ադրբեջանական կողմը դրական է արձագանքել սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու աշխատանքային հանդիպումին մասին Հայաստանի առաջարկին։

«Այո, դրական պատասխան տուած է։ Հանդիպումի վայրին ու ժամանակահատուածին մասին պայմանաւորուածութիւն տակաւին չկայ, բայց կ’ենթադրենք, որ մօտ ժամանակներու մէջ հանդիպում կ’ունենանք», ըսաւ Գրիգորեան։