Ատրպէյճանական կողմէն Լաչինի միջանցքի մուտքի արգելափակումին մասին մենք ուշադրութեան կը հրաւիրենք այն փաստը, որ նման գործողութիւնները կը խախտեն Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն 9 Նոյեմբեր 2020_ի յայտարարութեան դրոյթները։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Լաչինի միջանցքին իրավիճակը։

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է. «Նման քայլեր կը յանգեցնեն լարուածութեան աճին եւ չեն նպաստեր Ռուսիոյ օգնութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ բնական մթնոլորտի պահպանման։ Կոչ կ’ուղղենք Պաքուին ամբողջութեամբ ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքէն երթեւեկութիւնը։

Յոյս ունինք նաեւ, որ Երեւան դուրս չի գար եռակողմ ձեւաչափերով փոխգործակցութենէն։ Կողմերու ջանքերուն կասեցումը բացասաբար կ’անդրադառնայ տարածաշրջանի իրավիճակին եւ կը յանգեցնէ տեղական հարցերու։ Նշած ենք համապատասխան յանձնաժողովին հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ համաչափ աշխատանքին կարեւորութիւնը։ Պատրաստ ենք տրամադրելու անհրաժեշտ խորհրդատուական օգնութիւն:

Մենք կը կրկնենք մեր կոչը երկու կողմերուն՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի եռակողմ համաձայնագրերը ամենաբարձր մակարդակով, խստիւ պահպանելու, Լաչինի միջանցքի տարածքին անվտանգութեան ապահովման համար զսպուածութիւն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ցուցաբերելու։

Ռուսական կողմը պիտի շարունակէ աշխոյժ ջանքեր գործադրել՝ իրավիճակը Պաքուի եւ Երեւանի հետ շփումներով կարգաւորելու համար: