«Արմէնփրէս»._ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրով կը համարէ, որ Արեւմուտքը անկեղծ ցանկութիւն չունի՝ օգնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման։
Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն վերջ։

«Ցաւօք, ինչ որ հիմա Միացեալ Նահանգները կ’ընէ, եւ ինչ կ’ըն՝ Եւրոմիութիւնը, մենք աւելի շատ կը տեսնենք ոչ թէ բանակցութիւններուն օգնելու ցանկութիւն, այլ տարածաշրջան ներթափանցելու ցանկութիւն, ցանկութիւն՝ ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ Դաշնութեան օրինական շահերուն վրայ եւ ցանկութիւն՝ հաստատուելու որպէս որոշակի ուժեր, որոնք այստեղ, ըստ էութեան, որոշիչ դեր պիտի խաղան», Լաւրովի խօսքերը մէջբերած է ТАСС գործակալութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի կարծիքով՝ Արեւմուտքի նման գործողութիւնները արտացոլում են անոր ցանկութեան «ընդլայնել դէպի տարածաշրջաններ, որոնք հեռու են ՆԱԹՕ-ի եւ ԵՄ անդամ երկիրներու սահմաններէն, եւ ատիկա քիչ կապ ունի իրավիճակի կայունացման օգնելու անկեղծ ցանկութեան հետ»:

Անոր խօսքին համաձայն, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը դէմ չէ, որ միջազգային խաղցողները փորձեն միջնորդի դեր կատարել Երեւանի եւ Պաքուի միջև:

«Մենք դեմ չենք, որ այլ միջազգային խաղցողներ փորձեն իրենց ուժերը միջնորդութեան համար,- ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավարը, – Գլխաւորը, որ այս միջնորդութիւնը հետապնդէ այնպիսի համաձայնագիրերու ապահովում, որոնք կ’արտացոլեն հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն, հայկական եւ ատրպէյճանական պետութիւններու շահերու հաւասարակշռութիւնը»։