Թուրքիա եւ Ատրպէյճան յառաջիկային պիտի սկսին օգտագործել ASELSAN-ի արտադրութեան HAKIM օդային հրամանատարութեան կառավարման համակարգը:  Այս մասին կը յիշուի  թուրք սիւնակագիր Սերթաչ Աքսանի յօդուածին մէջ, որ հրապարակուած է պետական TRT լրատուամիջոցով:
Յօդուածի հիմքը Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ Հալուք Քէօրքիւնի խօսքերն են, որոնք հնչած էին օրեր առաջ, ատրպէյճանական Poligon.az-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«HAKIM օդային հրամանատարութեան կառավարման համակարգի նախագիծը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորական յառաջընթացի ամենակարեւոր նախագիծերէն մէկն է: Այս նախագիծով կ’ապահովուի Ատրպէյճանի օդային տարածքի վերահսկողութիւնը, եւ երկու երկիրներու օդային համակարցերը կ’ունենան միատեղ գործողութիւններ իրականացնելու կարելիութիւն»:
Անոր համաձայն, եթէ այս նախագիծը լիովին իրականացուի, միատեղ օդային տարածքի վերահսկողութեան տարածքը կ’ընդլայնի  Էկէեան ծովէ մինչեւ Կասպից  ծով:
Յօդուածին համաձայն, համակարգը տեղեկութիւն կը ստանայ բազմաթիւ ռատարներէ, բոլոր տեղեկութիւնները կը հաւաքուին Էսքիշեհիրի կեդրոնին մէջ, իսկ երկու երկիրներու հաւանութեան պարագային, տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի նաեւ ՆԱԹՕ-ին:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ այդ համակարգի օգտագործումը որքանով կ’առնչուի դրացի երկիրներուն՝ Շահին յայտնած է, որ միայն երկու երկիրները հասանելիութիւն կրնան ստանալ միմեանց ռատարներու տեղեկութիւններուն, սակայն ընդգծած է.
«Ատրպէյճանի մէջ գտնուող  ռատարային մէկ կայան աշխարհագրական տեղակայման պատճառով կրնայ յայտնաբերել Իրանի հիւսիսը գտնուող օդային մարմինները կամ հրթիռային շարժումները: Թուրքիոյ մէջ գտնուող ՆԱԹՕ-ի Քիւրեջիքի ռատարային կայանի հիմնական առաքելութիւնը Իրանի փալիստիկ հրթիռային շարժումերուն հետեւիլն է: Այստեղ որոշ կոյր կէտեր կան: Ատրպէյճանի մէջ գտնուող ռատարները կրնան վերացնել այդ կոյր կէտերը: Այս իրավիճակը առաւելութիւն կը ձեւաւորէ ՆԱԹՕ-ի եւ Թուրքիոյ համար, իսկ Իրանի համար՝ անյարմարութիւն»: