Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, «SALT» բարեսիրական հաստատութեան նուիրատուութեամբ առողջապահական օժանդակութիւն բաշխեց իր նպաստընկալներուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։

Սրբազան հայրը աղօթեց բարեսիրական հաստատութեան նուիրատուներուն համար եւ մաղթեց, որ բարեսիրական հաստատութիւններուն կողքին մեր ժողովուրդի զաւակները եւս, ըստ կարելւոյն, իրենց ներդրումը բերեն օժանդակելու համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։