Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 2 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-ամեակին առիթով:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագին եւ Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգը կատարեց, ներկայութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան անդամներու եւ ժողովուրդի զաւակներուն։
Ս. Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանը։

Հայրապետական մաղթանքի արարողակարգի ընթացքին գոհաբանական աղօթք կատարուեցաւ եւ «Ի Վեհ Բարձանց» մաղթերգը երգուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետին բարեմաղթութիւններ ուղղելով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին պահպանութիւնը հայցելով։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը հիմնուած էր օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ կը բովանդակէ Մատթէոսի Աւետարանի 13-րդ գլխուն մէջ յիշուած որոմին առակը։
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոս ժողովուրդին կը խօսի եօթ առակներ, որոնց ընդմէջէն կարեւոր ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ եւ ժողովուրդը կը հրաւիրէ գիտակցութեամբ անդրադառնալու Աստուծոյ յաւիտենական Արքայութիւնը մարդու հոգիին եւ սրտին մէջ հաստատելու եւ դէպի յաւիտենականութիւն աճելու կարեւորութեան։
Սրբազան Հայրը առակին իմաստը բացատրելով յայտնեց, թէ բարի սերմեր ցանող մարդը մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսն է, որ աշխարհ եկաւ բարի սերմեր սերմանելու։ Բարի սերմերը կը խորհրդանշեն Քրիստոսի պատկերին նման ստեղծուած հաւատացեալները։ Արտը կը խորհրդանշէ աշխարհը, Աստուծոյ անդաստանը եւ եկեղեցին, իսկ թշնամին՝ սատանան է, որուն նպատակն է մարդոց կեանքին մէջ չարիք սերմանել եւ մեղսասիրութեան, աշխարհասիրութեան եւ ամէն տեսակ անպարկեշտ վերաբերմունքի ճամբով մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել եւ կորուստի դատապարտել։

Մակար Սրբազան յիշեցուց, թէ որոմի առակին ճամբով մեզի կը բացատրուի, թէ ինչպէ՞ս մարդկային կեանքին մէջ, թէ եկեղեցական ընդհանուր շրջագիծէն ներս, երկու տեսակ մարդիկ միասնաբար կ՚ապրին եւ պիտի ապրին՝ թէ՛ հաւատացեալները եւ թէ՛ անհաւատները, թէ՛ արդարները եւ թէ՛ անարդարները, թէ՛ սրբութեամբ ապրողները եւ թէ՛ պղծութեամբ եւ մեղքով ապրողները։ Յաճախ նոյն շրջագիծին մէջ եւ յատկապէս եկեղեցւոյ մէջ, թէեւ շատեր արտաքնապէս հաւատացեալ, բարեպաշտ, աստուածապաշտ կ՚երեւին, բայց ի ներքուստ որոմի նման են, հոգիով, սրտով եւ մտածումով հեռու են Աստուծմէ, աշխարհին եւ մեղքին կառչած են, ցանկութեան եւ կիրքերուն գերին դարձած կ՚ապրին իրենց կեանքը, բայց Աստուած առիթ կու տայ, որ երկուքը միասին աճին, սակայն ժամանակ սահմանած է։ Այդ ժամանակը հունձքի եւ դատաստանի ժամանակն է, որուն ընթացքին պիտի ճշդուի իւրաքանչիւրին վախճանը, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Եթէ արդարութեամբ, սրբութեամբ, աստուածպաշտութեամբ, Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրած ենք, որպէս բարի սերմեր սերմանուած ենք եւ մեր կեանքին նպատակը արժեւորած ենք, այլ խօսքով մեր կոչումն ու առաքելութիւնը Աստուծոյ կամքին համաձայն իր աւարտին հասցուցած ենք, ապա որպէս բարի սերմ՝ ցորեն պիտի հաւաքուինք եւ Աստուծոյ շտեմարանին մէջ արդարներուն հետ միասին, այլ խօսքով Երկինքի Արքայութեան մէջ պիտի ամբարուինք, իսկ եթէ մեր կեանքը սոսկ արտաքին պատկերով աստուածպաշտութիւն կրած է, բայց ի ներքուստ սրտով Աստուծմէ հեռու եղած ենք նման որոմին, որ դժբախտաբար չար սերմ է, դատարկ եւ անօգուտ է, հետեւաբար աւարտին որպէս որոմ խուրձ-խուրձ պիտի հաւաքուինք եւ կրակը նետուինք, այլ խօսքով յաւիտենապէս պիտի դատապարտուինք դժոխքի կրակներուն։
Այս իմաստով Քրիստոս առակին ճամբով մեզ կը հրաւիրէ, ըսաւ Սրբազանը, զգաստութեան եւ արթնութեան, որպէսզի պտղատու ծառ դառնանք, մեր կեանքը աստուածահաճ պտուղներով յատկանշուի եւ մեր կեանքը ի սպաս դնենք մեր շուրջիններուն՝ օրհնութիւն եւ բարիք սփռելով ամենուրէք։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 28-ամեակին առիթով, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած մաղթելով, որ Ամենակալը Իր հովանին անպակաս պահէ Գահակալին վրայէն, Իր շնորհքները առատացնէ, պահէ ու պահպանէ, իմաստութեամբ լեցնէ, երկար կեանք պարգեւէ եւ անոր ձեռքէն բռնած առաջնորդէ, որպէսզի իրեն վստահուած հովուապետի ծանր պարտականութիւնը յաջողութեամբ ի կատար ածէ՝ ներքին թէ արտաքին, տեղական, միջազգային թէ համաշխարհային իմաստով։
Մակար Սրբազան աղօթեց նաեւ Ս. Էջմիածինի կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութիւններուն, մեր եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն, հայ ազգի զաւակներուն, Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահին, սուրիական բանակին եւ երկրի ղեկավարներուն համար, հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնն ու պահպանութիւնը։