Շաբաթ, 1 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Աւստրալիայէն ժամանած քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետեր, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան, Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին կողմէ։

Աւստրալիայէն ժամանած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ղպտի եկեղեցւոյ Առաջնորդ Անպա Տանիէլ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մոնսնիոր Պասիլ Սասունեան եւ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ռոպէր Ռապաթ, որոնք եկած էին իրազեկ դառնալու աղէտալի երկրաշարժին թողած հետեւանքներուն, քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ բարոյական օժանդակութեամբ աղօթակից եւ զօրակից դառնալու համայնքներուն։

Սրբազան Հայրը, յանուն Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան, բարի գալուստ մաղթեց Հոգեւոր Պետերուն։
Այցելուները շրջելով եկեղեցւոյ մէջ, ծանօթացան Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ պատմութեան, սրբապատկերներու արժէքին եւ յետ պատերազմեան շրջանին եղած նորոգութիւններուն։
Հոգեւոր Պետերը Սրբ. Քառասնից Մանկանց սրբապատկերին դիմաց յատուկ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած եւ շարական երգեցին՝ հայցելով Ամենակալին պահպանութիւնը։

Այցելութեան աւարտին, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան, Մակար Սրբազանին յուշամետալ մը նուիրեց, զօրակցութիւն յայտնելով Սրբազան Հօր։
Եղբայրական սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ, Հոգեւոր Պետերը իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին։