5 Յուլիսին Հայաստան կը յիշատակէ Սահմանադրութեան տօնը:

1991-ին Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, 5 Յուլիսին Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ եւ այդ օրն ալ դարձաւ պետական տօն:

Սահմանադրութիւնը ամրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան բնոյթը՝ որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական եւ հասարակական պետութիւն, հռչակեց մարդու և քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, սահմանեց հանրապետութեան կառավարման ձևը՝ հիմնուած օրէնսդիր, գործադիր և դատական իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքին վրայ։ Սահմանադրութեամբ ձևաւորուեցաւ կիսանախագահական կառավարման ձև՝ պետութեան ղեկավարին՝ Հանրապետութեան Նախագահին վերապահուած լայն լիազօրութիւններով։

2001-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Եւրոպայի խորհուրդին անհրաժեշտութիւն յառաջացուց որոշակի փոփոխութիւններ մտցնելու Սահմանադրութեան մէջ։ Սակայն 2003-ի հանրաքուէի դրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը չընդունուեցաւ։ Փոփոխութիւններու յաջորդ նախագիծը հանրաքուէի դրուեցաւ 27 Նոյեմբեր 2005-ին եւ ընդունուեցաւ։

ՀՀ Սահմանադրութեան վերջին փոփոխութիւնները կատարուած են 6 Դեկտեմբեր 2015-ին եւ ընդունուած հանրաքուէով, որով Հայաստան անցում կատարած է խորհրդարանական կառավարման համակարգի:

Yerevan. Today