ՀՅԴ Հայասատնի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին մէջ 3 Յուլիսին հանդիպած է Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի նախագահ Անտրէ տը Պիւսին եւ խումբի անդամներու հետ, EMER կուսակցութեան միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Ժան Ժաք Ֆլաոյին։

«Չափազանց բարձր գնահատելով բարեկամական խումբի գործունէութիւնը՝ երկար տարիներ Պելճիքայի մէջ Արցախի շահերու պաշտպանութեան համար, ներկայացուցած եմ ատրպէյճանական շրջափակման հետեւանքով տեղւոյն ստեղծուած իրավիճակը», ըսած է Իշխան Սաղաթէլեան։

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ատրպէյճանական վերջին սադրանքներուն, որոնք նպատակադրած են նոր յարձակումով ցեղային զտման ենթարկել Արցախը։

Խօսելով տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման մասին՝ կողմերը շեշտած են, որ առանց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իւրացման ճանաչման, որեւէ կարգաւորում չի հանգեցներ հակամարտութեան վերջնական եւ արդար լուծման։

Միտքեր փոխանակուած են Արցախի շահերու պաշտպանութեան շուրջ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին։