29 Յունիսին, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում առաջին անգամ Հայաստան գտնուող պոլսահայ հրապարակախօս եւ քաղաքական գործիչ Մուրատ Մըխչըի հետ։

Մուրատ Մըխչըն հանդէս եկաւ բանախօսութեամբ՝ «Հայ Ըլլալ Թուրքիոյ մէջ» նիւթով։

Մուրատ Մըխչը անդրադարձաւ Թուրքիոյ հայութեան ներկայ հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան հետեւանքով հայերէն այնքան լաւ չի խօսիր, նման բովանդակութեամբ բանախօսութեամբ հանդէս գալու համար ստիպուած է թրքերէն խօսիլ։
«Թուրքիոյ հայ համայնքի քաղաքականութեամբ հետաքրքրուողներուն թիւը, ցաւօք սրտի, վերջին տարիներուն հետզհետէ նուազած է։

Անոնց մէկ մասը Էրտողանի վարած քաղաքականութեան պատճառով հարկադրուած լքած է Թուրքիան։ Այս պարագային Թուրքիոյ մէջ մնացած այլ գործիչներու պարտականութիւնները կ’աւելնան։ Պոլսոյ հայ համայնքի աշխոյժ ներկայացուցիչները շատ յաճախ հարկադրուած կ’ըլլան միաժամանակ տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու, որպէսզի կարենան լուծել համայնքին առջեւ ծառացած որոշ հարցեր», ըսաւ Մըխչը։

Այսպէս, օրինակ, Մըխչը ունենալով ճարտարագիտական կրթութիւն, այնուամենայնիւ ստիպուած է զբաղիլ թէ՛ քաղաքականութեամբ, թէ՛ թարգմանչական գործով, թէ՛ յօդուածներ եւ գիրքեր հրապարակելով։ Ատոր պատճառներէն մէկը, ըստ անոր, համայնքին մէջ նման հարցերով զբաղիլ փափաքող կամ կարող մարդոց պակասն է։

Ներկաներէն մէկը Մըխչըին հարց ուղղեց խառն ամուսնութիւններու մասին։ Բանախօսը յայտնեց՝ անոնք անխուսափելի են, այնպէս որ նոյնիսկ ինք հիմա չի գիտեր, թէ իր 15-ամեայ որդին հետագային ո՞ր ազգի ներկայացուցիչի հետ կ’ամուսնանայ։ Մըխչըին համաձայն, հիմա Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին մօտ 40 հազար հայեր, որոնց կրօնը քրիստոնէութիւնն է, իսկ մահմետականութիւն կամ այլ կրօններ ընդունած հայերու թիւը անհամեմատ շատ է։ Ոմանք նոյնիսկ չեն գիտեր, որ արմատներով հայ են, թէեւ Թուրքիոյ մէջ կան արխիւներ, որոնց մէջ կը փաստուի անոնց հայ ըլլալը։ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն համար ամենադժուար հարցերէն մէկը հայկական կրթութիւն ստանալու հարցն է։ «Հորիզոն»ի հնչեցուցած հարցին՝ իսկ ի՞նչ հարցեր ունին գաւառներու հայերը, մասնաւորապէս՝ Մուշի, Սասունի, Տերսիմի մէջ ապրող հայերը, բանախօսը պատասխանեց՝ Թուրքիոյ մէջ մէկ ցաւալի վիճակ կայ․ ընդգծուած տարանջատում կայ գիւղացիներուն ու քաղաքացիներուն միջեւ։ Այժմ քիչ մը նուազած է այդ հարցը, բայց տակաւին կայ։ Երբեմն քաղաքաբնակները այսպէս ըսած՝ վերէն կը նային գաւառներու մէջ ապրողներուն։

Բանախօսը նշեց՝ գաւառներու, յատկապէս Մուշի եւ Սասունի մէջ ապրող հայերու ամենամեծ հարցը հայկական դպրոցներու բացակայութիւնն է։ Ոմանք կը փորձեն առցանց կրթութիւն ստանալ։ Ցաւօք, շատ հայեր արդէն մոռցած են իրենց ինքնութիւնը, մարդիկ պիտի մոռնան մայրենին, ոմանք բոլորովին հայերէն չեն գիտեր. կը խօսին քրտերէն, մինչդեռ եթէ դպրոցներ ըլլային այս համայնքներուն մէջ, իրավիճակը բոլորովին այլ կ’ըլլար։ Թուրքիոյ մէջ կան սակաւաթիւ մարդիկ, որոնք կրնան, օրինակ՝ Մշոյ բարբառով խօսիլ։

«Իսկ Ատըեամանի, Տերսիմի մէջ ապրող հայերու վիճակը այս առումով քիչ մը աւելի լաւ է. այնտեղ աւելի շատ են այն հայերը, որոնք կը ջանան ամէն ձեւով պահպանել իրենց ինքնութիւնը։ Ատըեամանցի հայերը իրենց ինքնութիւնը պահելու հարցով աւելի աչալուրջ են, բայց երբ անոնք Պոլիս կուգան եւ կը փափաքին գրանցուիլ դպրոցներու մէջ, հարցերու հետ կը բախին։ Շատեր կու գան Հայաստան, կը մկրտուին, որպէսզի Պոլսոյ մէջ հայկական դպրոցին մէջ սորվելու կարելիութիւն ունենան։ Երկու տարի առաջ ես մեծ ջանքեր գործադրեցի Ատըեամանցի հայերուն այդ դպրոցներուն մէջ գրանցելու համար»։

Մուրատ Մըխչը աւելցնելով ըսաւ, թէ շատ մեծ հարցեր կը յառաջանան ատըեամանցի եւ առհասարակ, գաւառներէն եկած հայերու եւ պոլսահայերու փոխյարաբերութիւններուն մէջ. իրար հետ լեզու չեն կրնար գտնել, մշակոյթով, կենցաղով շատ տարբեր են։ Մուշի մէջ շատ հայեր կան, որոնք իրենք զիրենք հայ չեն համարեր։
«Մուշի մէջ ապրող ընկեր ունիմ՝ Արմէն Գալուստը, որ այն քիչ մարդոցմէ է, որ Մշոյ բարբառով կը խօսի։ Արմէն Գալուստ իր քանի մը ընկերներուն հետ «Տարօն-Մուշ» միութիւնը ստեղծեց, բայց, ցաւօք, շատ չէին այն հայերը, որոնք կը փափաքէին ընդգրկուիլ այդ միութեան կազմին մէջ։ Թուրքիոյ մէջ հայութեան շահերը պաշտպանելը հեշտ բան չէ, բայց ատիկա պիտի փոխուի», լաւատեսօրէն յոյս յայտնած է Մուրատ Մըխչըն։

Հայկական դպրոցներու մէջ սորվելու համար աշակերտը պէտք է պարտադիր կերպով համապատասխանի սահմանուած չափորոշիչներուն՝ պէտք է մկրտուած ըլլայ, Թուրքիոյ քաղաքացի ըլլան, աշակերտի հայրը եւ մայրը պէտք է հայ ըլլան։ Մուրատ Մըխչըն կ’ըսէ՝ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը եւ հայուն ինքնութիւնը պահելը շատ դժուար բան է։ Ան հիմա կը ջանայ լաւացնել հայերէնի իմացութիւնը։ Մըխչըի 15-ամեայ որդին հայկական դպրոց կ’երթայ, հայերէն լաւ գիտէ։ Հայկական դպրոց յաճախելը, մեր կրօնին հաւատարիմ մնալը հայ ինքնութիւնը պահպանելու ամենաամուր կռուաններէն են։

Մուրատ Մըխչըն ծնած է 1975 թուականին, Սթամպուլի մէջ, Քոնիայէն Կ․Պոլիս տեղափոխուած հայերու ընտանիքին մէջ։ Ան 2010 թուականին եղած է Հաւասարութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան խորհուրդի անդամ։ 2014 թուականին ան ստանձնած է Իսթանպուլի «Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան» (Halkların Demokratik Partisi / HDP) նահանգային վարչութեան մամլոյ խօսնակի պարտականութիւնը։

7 Յունիս 2015-ին եւ 1 Նոյեմբերին կազմակերպուած ընտրութիւններուն ընթացքին, Մըխչըն Իսթանպուլէն պատգամաւոր առաջադրուած է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան կողմէ։ 2016 եւ 2017 թուականներուն Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան 2 համագումարներուն ստանձնած է կուսակցական խորհուրդի եւ կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամի պաշտօնները։ Անոր յօդուածները հրապարակուած են եւ կը շարունակեն տպագրուիլ «Թուրնուսոլ», «Ակօս», «Դեմոկրատ Հապեր», «Արթըգերչեք» պարբերականներուն մէջ։ Ան հեղինակած է «Վերակառուցէ» վերնագիրով գիրքը։