Ռուսիան երբեք չէ մոռցած, որ Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է:

Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ որոշումը՝ համաձայնիլ Շուէտի ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան։

«Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամ է: Մենք ատիկա երբեք չենք մոռցած: Մենք կ’ուսումնասիրենք դէպքերը եւ եզրակացութիւններ կ’ընենք», ըսած է Ռուսիոյ ԱԳՆ խօսնակը: