Երեք բաներ զիս տարօրէն հպարտութեամբ կը լեցնեն՝ հայ ըլլալս, հայերէն լեզուն եւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի սան ըլլալս: Այս երեքը սրբութիւններ են:
Չորրորդ մըն ալ կայ, որ աւելի երրորդին կը կապուի՝ պարոն Մկրտիչեանին աշակերտած ըլլալս:
Գիտէի թէ պարոն Մկրտիչեանը Երուսաղէմի Ժառանգաւորացէն ներս աշակերտած է Յակոբ Օշականի. հետեւաբար իրեն աշակերտելով ես ալ կ’ըլլամ՝ Յակոբ Օշականի աշակերտին աշակերտը … Իրաւունք չունի՞մ հպարտ զգալու:
Պարոն Մկրտիչ Մկրտիչեա՜նը … Եռանկիւն գլուխ մը եւ մտածող նայուածք, աւելի՝ քեզ պրպտող նայուածք, մանաւանդ երբ աշակերտ ես, նոր Ճեմարան մտած ես եւ տակաւին միջնակարգի առաջին կարգի աշակերտ ես:
Ինչե՜ր կը պատմէին իր մասին, իր տուած դասերուն մասին, պատմածներուն մասին, ու մանաւանդ այն իրողութեան մասին, որ ինք եղած է աշակերտը մեծն Յակոբ Օշականի, Երուսաղէմի Ժառանգաւորացէն ներս:
Այս վերջին իրողութիւնը շատ կը խանդավառէր զիս, միաժամանակ ակնածանք մը պարտադրելով պարոն Մկրտիչեանին հանդէպ:
Տակաւին մեզի չէր դասաւանդեր, ինք միայն երկրորդականի երեք դասարաններուն հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասատուն էր. մենք դեռ երեք տարի կ’ուզէինք վայելելու համար իր այնքա՜ն գովաբանուած դասապահերը:
Բայց երեք տարին երկար էր, շա՜տ երկար ինծի համար, որ նոյնիսկ պարոն Մկրտիչեանին ձայնը չէի լսած տակաւին:
Եւ օր մը, երբ տետրերը թեւին տակ սեղմած, մէկ ձեռքին սիկարէթը, գլուխը ձախի վրայ ծռած մանր քայլերով դէպի ուսուցչարան կ’ուղղուէր, ամբողջ քաջութիւնս հաւաքած մօտեցայ իրեն եւ ըսի.
-Կրնա՞մ ձեզի բան մը հարցնել:
Պահ մը կեցաւ, նայեցաւ՝ իր աշակերտներէն մէկը չէի, չէր ճանչնար զիս, հաւանաբար չէր իսկ նշմարած, բայց ըսաւ.
-Այո, անշո՛ւշտ:
-Ի՞նչ կը կոչուի հին եգիպտացիներուն, այսինքն փարաւոններուն խօսած լեզուն …
Ուրկէ՞ մտածեր էի այս հարցումը, չեմ գիտեր. ուրիշ բան հարցնել միտքէս չէր անցած: Պարոն Մկրտիչեանը ինք ալ կարծես զարմացաւ եւ պահ մը լռեց:
-Փարաւոներէ՞ն,- հարցուցի:
Վստահ եմ որ պատասխան մը տուաւ այդ օրը ինծի, բայց չեմ յիշեր թէ ի՛նչ էր իր պատասխանը իմ այնքան … անճարակ հարցումիս:
Կարեւորը՝ լսեցի պարոն Մկրտիչեանին ձայնը:
Յետոյ շա՜տ պիտի լսէի այդ ձայնը, երբ գրատախտակին առջեւ կեցած եւ ձեռքերը շարժելով բան մը կը բացատրէր. այնքա՜ն լաւ կը բացատրէր, այնքան ճիգ կը թափէր, որ իր ունեցած սէրը հայ լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ մեզի փոխանցէ …
Բայց տղաքը կը ձանձրանային եւ անշուշտ՝ չէին համարձակեր ընել այն, ինչ որ կ’ընէին այլ ուսուցիչներու դասապահերուն, օրինակ ափ մը մանր մետաղադրամները, իբր թէ անուշադրութեամբ, մեծ թափով գետին թափել, իրար վրայ գնդակուած թուղթեր նետել, աղջիկներուն մազերը քաշել, կամ «հետաքրքրական» նկարներով  անոնց ուշադրութիւնը շեղել եւ այլ մանկական խաղեր ընել:
Նոյնիսկ եթէ դասին չհետեւէին, հայերէնի դասապահերուն գոնէ լուռ կը մնային. երբեմն նաեւ բաց աչքերով կը քնանային:
Բայց պարոն Մկրտիչեանին աչքերէն – թէեւ անոնք իրարու հակառակ ուղղութիւններով կը նայէին կարծես – բան չէր փախեր.
-Ետալեան, կը քնանա՞ս:
Եւ Ետալեանը թափով արթնցած, հազիւ կրնար «ո՛չ, պարոն, ձեր ըսածին կը հետեւիմ» ըսել:
-Ըսէ նայինք ըսածէս որքա՞ն բան հասկցար:
Խեղճ տղան ի զուր մատով կը հրմշտկէր իր առջեւ նստած Զարուկին կռնակը. քիչ առաջ մազերը այնքան ուժգին քաշեր էր, որ  Զարուկը խռոված, յամառօրէն կը լռէր:
-Գիտեմ քու լսելդ. նստէ՛ եւ դասին հետեւէ՛:
Միայն շարադրութեան դասերուն էր, որ տղաքը խանդավառութեամբ իրենց խելապատիկէն ելածները կը գրէին եւ անհամբեր կը սպասէին Պարոնին ըսելիքներուն:
-Ետալեա՛ն, այս անգամ ո՞վ գրեր է շարադրութիւնդ:
Եւ Ետալեանը, իր ամէնէն լուրջ դէմքով կ’ըսէր.
-Մամաս, պարո՜ն,- կապկելով մանուկներուն ձեւը:
Եւ դասարանը կը բռնուէր խնդուքի վարակէ մը:
Օր մը դասարան մտաւ պարոն Մկրտիչեանը եւ ուղղակի Կորիւնը կանչեց կարդալու իր շարադրութիւնը:
Կորիւնը, որ մեր դասարանին եւ կարծեմ ամբողջ Ճեմարանին բանաստեղծն էր եւ որպէս այդպիսին, յատուկ խորհրդաւորութիւն մը կը պահէր իր մտածկոտ լռութեան տակ – յետոյ, շա՜տ ուշ պիտի իմանայի, որ սրտին ցաւէն էր հանդարտութիւնը – գնաց կեցաւ դասարանին առջեւ, դանդաղ-դանդաղ բացաւ տետրակը, պահ մը լռեց ու յետոյ սկսաւ կարդալ.
«Ծով պիտի գաս հեշտանքով,
Ծով հեշտանքով, անխռով,
երազներուս մէջ խռով,
մշտահոլով գորովով»:
Եւ այսպէս յանգաւորուած, չափ ու կշռոյթով քանի մը համար կարդաց ու սպասեց:
Դասարանը լուռ կը սպասէր: Գիտէինք որ Կորիւնին քերթուածները      սկսեր էին երեւիլ «Բագին» ամսագիրին մէջ, բան մը որ մեզ շատ կը տպաւորէր, սակայն տակաւին չէինք լսած կամ կարդացած իր գրածները:
Տպաւորուեր էինք յանգերով եւ կարճ ու արագ կշռոյթով. բոլորս ալ կարծես հաւներ էինք Կորիւնին գրածը:
-Այո … մշտահոլով գորովով … ծով պիտի գաս հեշտանքով, մշտահոլով գորովով … այո, շատ լաւ է …
Ետեւի տղաքը սկսան ծափահարել, սուլել, «բանաստեղծ-մանաստեղծ» կանչել, դասարանը իրար անցաւ, Կորիւնը նախ կարմրեցաւ, ապա սկսաւ ինք ալ խնդալ, մինչ պարոն Մկրտիչեան խիստ լարուած աչքերով կը դիտէր մեզ:
Ի վերջոյ հանդարտեցանք, լռեցինք:
-Պարո՛ն, «Շատ լաւ» մը պիտի դնէք Կորիւնին, չէ՞,- ըսաւ Ետալեանը իր սովորական համարձակութեամբ:
-Ո՛չ:
-Ինչո՞ւ պարոն …
-Որովհետեւ ասիկա շարադրութիւն չէ՛ …
-Բայց բանաստեղծութի՛ւն է,- ըսաւ համարձակ Անդօն,- ասիկա գրելը աւելի դժուար է, կարծեմ … չէ՞ …
-Եթէ այդքանը չես գիտեր, ինչո՞ւ կարծիք կը յայտնես:
-Պարո՛ն, Կորիւնը մեր դասընկերն է, պէտք չէ՞ իր «շատ լաւ»-ը ապահովենք:
-Նախ դուն քու յաջողութեանդ նիշը ապահովէ,- ըսաւ պարոն Մկրտիչեանը եւ դառնալով Կորիւնին, աւելցուց,- շատ լաւ է, տղա՛ս, բայց յաջորդին տուած նիւթովս շարադրութիւն գրէ՛:
Երբ տրամադրութիւնը լաւ ըլլար, պարոն Մկրտիչեանը երբեմն մեզի յուշեր կը պատմէր.
-Կեանքիս մէջ մէկ անգա՛մ միայն լման նիշ դրեր եմ հայերէնի քննութեան,- պատմեց,- Արա Որբերեանին. բացառիկ աշակերտ էր. անոնց ամբողջ դասարանը բացառիկ դասարան էր. Ճեմարանը անգամն ալ չունեցաւ նման դասարան …
Հայերէնի քննութիւններուն ո՛չ միայն հարցումներուն պէտք էր լրիւ ճիշդ պատասխանած ըլլայինք, այլ պէտք էր մեր ուղղագրութիւնը անսխալ ըլլար. այսօր այդպէս չէ դժբախտաբար. «Պատմութեան քննութեան ինչո՞ւ պէտք է ուղղագրական սխալները նկատի առնուին եւ նիշ պակսի անոնց համար» յաճախ կը գանգատին ծնողք կամ բարձր դասարանի աշակերտներ:
-Հայրս երեք անգամ սրբագրեց քննութեանդ թուղթը, ես ալ գլխուն վրայ կեցած կը հետեւէի. «Դի՛ր սա քառասունը, տեսար որ անսխալ է», ըսի: Չդրաւ. «Անկարելի է,- ըսաւ,- անպայմա՛ն սխալ մը ըլլալու է» եւ կրկին սկսաւ սրբագրել թուղթդ ծայրէ ծայր: Երեք անգամ: Ի վերջոյ, ճարահատ, դրաւ քառասունը,- պատմեց Սեւակը, պարոն Մկրտիչեանին տղան, որ ինձմէ երկու դասարան վար էր: Գիտնալու մի՛ գար,- թելադրեց,- բայց ուրախացար, չէ՞ …
Ի՛նչ որ ըսէր, կը հետեւէի, լի ու լի կը կատարէի: Մէկ խրատ միայն, որուն դժբախտաբար չհետեւեցայ եւ շա՜տ ուշ անդրադարձայ, որ սխալեր էի չհետեւելով. թելադրեր էր, որ անգլերէն գրականութեան հետեւիմ …
Այսօր քանի՞ հոգի կը յիշէ մեր սքանչելի պարոն Մկրտիչեանը, որուն վերջին աշակերները ո՞ր թուականին շրջանաւարտ եղան Ճեմարանէն, չեմ յիշեր: Պարոն Մկրտիչեանը գաղթեց, մօտ ըլլալու համար զաւակներուն, որոնք Ամերիկա գացեր էին: Վստահ եմ, բոլոր իրեն աշակերտածները կը կարօտնային զինք, որքան ես:
Լոյսերու մէջ մնայ:
Մարուշ Երամեան