Ինչպէս հայոց պատմութիւնը, այնպէս ալ Լիզպոնը՝ հայկական պահանջատիրութեան լուսէ պսակն է, որ այսօր չորս տասնամեակ ետք հայ ինքնութեան ակունքներէն մատակարարուած աւիշով մեր հոգիները կը սնուցանէ։ Լիզպոնը խիզախումն է հայու արժանապատուութեան։ Լիզպոնի աւանդած արժեհամակարգը ուղենիշ դարձաւ հայ երիտասարդութեան։
Հայոց պատմութեան էջէրը լի են հազարամեակներու ընթացքին հայու գոյերթի բազում իրադարձութիւններով  եւ զանոնք իրականացնող տիտաններուն առնչուած պատումներով։
Այսպիսիք են՝ Հայկի եւ Բելի դիւցազնապատումը, Սասունցի Դաւիթն ու Առիւծ Մհերը, արքայից արքայ Տիգրան Բ.-ը եւ ծովից ծով Հայաստանը, Տրդատ թագաւորն ու քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, Աւարայրն ու Վարդանը, հայ գիրերու գիւտն ու ոսկեդարը։ Աւելին. Օսմանեան տիրապետութեան ներքեւ գտնուող  Արեւմտեան Հայաստանի հայկական նահանգներու իրավիճակի բարեկարգումներու պահանջներէն մինչեւ ազգային ազատագրական պայքարի ծնունդը,  ազգիս ծրագրուած ու գործադրուած տարագրումն ու ցեղասպանութիւնը կազմակերպողներու հատուցումը եւ հայկական հերոսամարտերը։ Երեսնամեայ ազգային ազատագրական պայքարի պսակը հանդիսացող սարդարապատեան ծառացումը եւ 28 Մայիս 1918-ի հայկական անկախ պետութեան ստեղծումը, Միացեալ Հայաստանի գաղափարախօսութեան որդեգրումը, Հայաստանի խորհրդայնացումը, ապա՝ Փետրուարեան յաղթական ապստամբութիւնը, Գ. Նժդեհն ու Լեռնահայաստանի անկախութեան հոչակումը, հայրենաբաղձութեան եօթանասուն տարիները, Սփիւռքի կազմակերպումը, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքով հունաւորուած ազգային պահանջատիրութեան գաղափարախօսութեան ծաւալումը,  քաղաքականացած բազմութիւններու  ստեղծումը։
Իրավիճակ մը, որ Սփիւռք ունեցող  քիչ ժողովուրղներ կրցան ունենալ։
Այդ պատումներուն վրայ աւելցնենք՝ 1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը, արցախեան գոյապայքարի ծնունդն ու զարգացումը, Ստեփանակերտէն բարձրացած եւ Երեւանի մէջ արձագանգած «Միացում-Միացում» պահանջը, Արցախի անկախ հանրապետութեան հռչակումը։
Թէեւ վերոյիշեալներէն իւրաքանչիւրը իր ժամանակին արտայայտիչն է, սակայն անոնք միասնաբար, որպէս մէկ ամբողջութիւն, կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութիւնը, որ հիմնական շաղախն է հայ ինքնութեան։
Ցեղասպանութենէն դար մը ետք  կարելի է հաստատել, որ միանուագ ու հեզասահ  չընթացաւ հայկական պահանջատիրութիւնը:
Բացասական ազդեցութիւն ունեցան՝
-Հայ ազգին  Խորհրդային Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին գոյութենական երկճիւղ իրավիճակը,
-Սփիւռքեան այլասերիչ պայմաններու, գաղափարախօսութիւններու եւ բարքերու ներգործութեամբ հայ ինքնութեան պահպանման դժուարութիւնները,
-Ներազգային ճակատի վրայ երբեմն ալ պահպանողական եւ կրաւորական մտայնութիւններու գերակշռումը,
-Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած պետական ահաբեկչութիւնը,
-Թրքական Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ճամբով թուրք պետութեան գաղտնի սպասարկութիւններուն եւ անոնց գործակից դաւադիր  ուժերուն կողմէ աշխարհով մէկ ծաւալած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման եւ անոր պատասխանատուութենէն խուսափման քաղաքականութիւնը, զոհը զոհարար ներկայացնելով ճշմարտութեան նենգափոխումը՝  համաշխարհային լրատուամիջոցներու կաշառուած մեղսակցութեամբ։ Ինչպէս նաեւ  յատկապէս Սփիւռքեան կազմակերպ  եւ Թուրքիոյ համար առաջնային վտանգ նկատուող  առաւել գործուն միջինարեւելեան  շրջանները կազմալուծելու համար գործադրուած ճիգերը, ազգային նշանակալից կառոյցներուն եւ հայ ազգայնականութեան գաղափարի դրօշակիրներուն դէմ՝ պետական ահաբեկչութեան կիրարկումն ու ֆիզիքական չէզոքացման գործադրումը, որուն զոհ դարձան հայ քաղաքական մտքի արժանաւոր ռահվիրաներ։
-Ազգային Ազատագրական պայքարի նկրտումները եւ մարտնչումները միջազգային ահաբեկչութեամբ պիտակաւորող մեծապետական երկիրներու քաղաքականութիւնը։
Ցեղասպանութեան յիսնամեակին Երեւանէն եւ սփիւռքեան բոլոր փապուղիներէն բարձրաձայնուած «ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ, ՄԵՐ ՀՈՂԵՐԸ» պահանջը թէեւ հանդիպած էր աշխարհի խցուած ականջներուն, սակայն իրողապէս պահանջատիրութեան նոր փուլ մը թեւակոխելու անխուսափելիութիւնը  յուշած էր բոլորին։
ժամանակի թաւալումով, պահանջատիրութեան խամրումի սին պատրանքը սնուցանողները ականատես եղան.
-1975-1985 տասնամեակէն սկսեալ պահանջատէր հայու նոր ու աւելի վճռակամ տեսակի մը, որ նոր ոճ տուաւ պայքարին։ Նոր փուլ մը սկսած էր հայկական պահանջատիրութեան  հոլովոյթին մէջ։
Երիտասարդութիւնը ստանձնած էր իրեն փոխանցուած աւանդը եւ ըմբռնած էր  «քաղաքակիրթ ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան» ներկայացողներու համաշխարհային լեզուն։
Աշխարհով մէկ բազմապատկուած էին պահանջատիրութեան աքտերը քարոզչական, յարաբերական եւ ցուցական ներդաշնակ աշխատանքի ընդարձակ դաշտով, յանուն արդարութեան վերականգնումին եւ բռնագրաւուած  իրաւունքներու վերատիրացումին։ Ի հարկին կը դիմուէր նաեւ զինեալ պայքարի։
Այս փուլի գլխաւոր դժուարութիւնը կը համարուէր ազգային քաղաքական դատ հետապնդող մարտիկն ու անդրազգեան ահաբեկիչը զատորոշելու հիմնախնդիրը։
Այստեղ կ’արժէ անդրադառնալ նշանակալից մեկնութեան մը՝ պարզելու համար որ  թէեւ հազուադէպօրէն, սակայն  երբեմն նաեւ գտնուած են իրերը իրենց անուններով կոչող քաղաքական այրեր, ճիշդ հասկցուած ըլլալու թէկուզ փոքրիկ դրական լիցք ներշնչելով։
7 Յունիս 1982-ին, երբ Լիզպոնի մէջ «ՀՑԱ Մարտիկներ»-ուն կողմէ քաղաքական ահաբեկման կ’ենթարկուէր Թուրքիոյ Դեսպանութեան վարչական կցորդը, Փորթուքալի ներքին գործոց նախարար Անժելօ Կորէեան  խորապէս ցաւ յայտնելով տեղի ունեցածին համար կը յայտարարէր, որ այս չի նշանակեր, որ միջազգային ահաբեկչութիւնը ժամանած է Լիզպոն, որովհետեւ այս՝ որոշակի խումբի մը աշխատանքն է ճշդեալ թիրախի դէմ։
Այս հաստատումը կարելի է համարել յստակ զատորոշում ազգային ազատագրական պայքար եւ անդրազգային ահաբեկչութիւն հասկացութիւններուն միջեւ, որ բացայայտօրէն երեւան եկաւ Լիզպոնի անձնազոհական արարքով։
Ամբողջ յիսնամեակ մը իր ականջները խցած ու պապանձած միջազգային լրատուամիջոցները շտապ եւ շատ կարեւոր գլխադիրով աշխարհին ծանուցեցին ՀՅ Բանակին հաղորդագրութիւնները։
Փորթուկալի իշխանութիւններուն եւ միջազգային հանրային կարծիքին ուղղուած ՀՅԲ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան ընթերցումով  կը վերապրինք ազատամարտիկներուն  յանդուգն գործողութիւնը։
ՀՅԲ-ին փորթուկալեան իշխանութիւններուն ուղղած հաղորդագրութիւնը.
«Կոչ կ’ուղղենք փորթուկալեան իշխանութեանց բացատրելու եւ արդարացնելու մեր արարքը։ Նախ եւ առաջ կը ցաւինք, որ կը բռնաբարենք ձեր երկրին օրէնքը եւ կը խանգարենք Փորթուկալի անդորրութիւնը։ Զինեալ պայքարը իբրեւ դիմադարձելու միջոց պարտադրուած էր մեզի։ Մենք ուրիշ ընտրութիւն չունէինք։
Դեսպանատան գրաւումը արտայայտութիւնն է հայ երիտասարդութեան ընդվզումին, որ  յոգնած ու ձանձրացած է զինք անտեսելու փորձերէն։
Այս կոչը կ’ուղղենք ձեզի եւ կ’ակնկալենք, որ մեզի հասկնաք, որովհետեւ մենք խոր յարգանք ունինք ձեր ազգին հանդէպ, որուն ներգին գործոց նախարարը մօտիկ անցեալին, ոչ միայն քաջ, այլեւ պարկեշտ եւ հասկցող մօտեցում      ունեցաւ։
Այս պատճառով մենք Փորթուկալի իշխանութիւններէն կը խնդրենք, որ մեր ընկերներուն հետ իբրեւ ոճրագործներ չվարուին, այլ իբրեւ ազգային դատի զինուորներ։
Մեր քաղաքական արարքը նպատակ ունի հարուածել թուրք պետութիւնը, որուն ներկայացուցիչները արտասահմանի մէջ կը հանդիսանան թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններն ու հաստատութիւնները»։
Լիզպոնը անձնասպանական արարք չէր, ոչ ալ յուսահատութեան արտայայտութիւն։
Սեդրաքը, Սիմոնը, Արան ու Վաչէն խաբանարար ահաբեկիչներ չէին, անյպէս ինչպէս չարամտօրէն կ’ուզուի ներկայացնել, ոչ ալ՝ հոգեխռովներ։ Անոնք սեփական հայրենիքէն արմատախիլ եղած ու ցեղասպանուած ժողովուրդի մը կրած տառապանքէն ծնունդ առած նուիրեալներ էին, որոնք իրաւազրկեալ ազգի իրաւունքներու ձեռքբերման համար մենամարտի ելան մահուան դէմ, զայն անարգելով։ Անմեռ դիւցազուններ էին, որոնք գործեցին իրաւունքի ուժով։
Իրաւազրկեալի սրբազան բարկութիւնն էին անոնք եւ իրենց իսկ գրաւած դեսպանատան տարածքէն պահանջագիր մը ներկայացուցած էին թրքական կառավարութեան եւ խիզախօրէն յայտարարած թէ՝
«Հայ ժողովուրդի զաւակներն ենք մենք։ Բրտութեան դիմելու մեր որոշումը արդիւնք է թրքական  պետութեան եւ անոր զօրավիգ կանգնող ուժերու կողմէ հայ ժողովուրդի արդար պահանջները քննելու մերժումին։
Մենք կը մերժենք որեւէ ձեւի ոստիկանական միջամտութիւն, կամ դեսպանատուն ներթափանցելու որեւէ փորձ: Եթէ մեր պայմանները անտեսուին, մենք ունինք բաւականաչափ պայթուցիկներ քանդելու համար ամբողջ շէնքը, մեզի հետ սպաննելով նաեւ պատանդները»։
Անոնց ուժանակները ազգի խտացած ցասումն էին: Ներշնչարանը՝ գաղափարն էր լուսաճաճանչ, իսկ ազգին սէրը՝ անոնց կու տար խոյանք՝ նուաճելու անառիկ կարծուած պատնէշները։
Կէսօրէ ետք արդէն հինգ մարտիկները ուղեւորուած էին յաւերժութեան։
Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ պահանջատէր ու վճռական հայու տեսակի արարման խորհրդանիշն է Լիզպոնի սխրանքը:
Քառասուն տարիներ ետք, Լիզպոնի խլացնող պատգամը կը թարմացնէ մեր հաւաքական յիշողութիւնը:
Սեդրաքը, Սիմոնը, Արան եւ Վաչէն Մասեաց քաջերուն միացած  կը պատգամեն՝
– Մերժել անյուսութիւնը։
– Խիզախութեամբ եւ  անձնուրացութեամբ ստեղծել հայու գոյերթի  շարունակման կենսական ստորոգելիները։
– Մերժել կրաւորականութիւնը, որ գերեզմանն է պահանջատիրութեան։
-Միասնականութեան սրբազան փոթորկումով ցրել ազգի եւ հայրենիքի երկնակամարին կուտակուած մութ ամպերը։
Լիզպոնի սխրանքը խորհրդանիշը եղաւ իր ժամանակին, որովհետեւ ան հարազատ էր իր ժողովուրդի իտէալին։  ժամանակները անցան, բայց ան մնաց պահանջատիրութեան խորհրդանիշ, դարձաւ սերունդներու կամքի ներշնչարան։
Հայ հոգիներ այսօր ալ Լիզպոնով դարձեալ կ’առնեն խոյանք։ Վեր  կը բարձրանան ճահիճներէն մեղկութեան, ստրկացման։ Կը ջրդեղուին կամքերը թուլացած, կը բոցավառին ազգային արժանապատուութեան կայծերը անթեղուած։
Լիզպոնեան պատարագէն քառասուն տարի ետք, այս օրերուն, հայ աշխարհի չորս ծագերուն, անոր արժանավայել յիշատակումը խօսուն վկայութիւնն է զայն ծնող գաղափարի վեհութեան եւ հայ ինքնութեան վրայ ձգած դրոշմին անժամանցելիութեան։
Գրիգոր Տունկեան