Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 22 Յուլիսին Euronews-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պնդած է, թէ Լաչինի միջանցքը երբեք փակ չէ եղած եւ մշտապէս բաց է երթեւեկութեան եւ շարժի համար։

Լրագրողը Ալիեւին հարց ուղղած է Լաչինի միջանցքին մէջ տիրող իրավիճակին մասին՝ մեջբերելով նաեւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի, ԱՄՆ-ի եւ Երոպական Միութեան կողմէն Լաչինի միջանցքին տեղաշարժի ազատութիւնը երաշխաւորելու պահանջները։ Անոր ի պատասխան ալ Ալիեւ պնդած է, թէ «միջանցքը ոչ թէ փակուած էր, այլ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները բնապահպանական նպատակներով «վերահսկողութեան տակ վերցուցած էին անիկա»։

«… Եւ կրկին՝ ճամբան փակուած չէր։ Անիկա բացարձակապէս ազատ էր եւ շարժն ալ ազատ էր», պնդած է Ալիեւը, իսկ լրագրողի ճշդող հարցումին, թէ երթեւեկութիւնը երբեք չէ՞ ընդհատուած, կրկին պատասխանած է՝ «ոչ եւ ոչ»։

Սակայն առկայ են բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կը փաստեն՝ բնապահպան ներկայացող ատրպէյճանցիները ոչ թէ վերահսկողութեան տակ վերցուցած էին, այլ փակած էին Լաչինի միջանցքը։

Լաչինի միջանցքը փակ էր

9 Նոյեմբերի 2020_ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան մեջ յստակ նշուած է, որ Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ, կը մնայ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տակ, իսկ Ատրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքէն քաղաքացիներուն, երթեւեկային միջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով տեղաշարժի անվտանգութիւնը:

12 Դեկտեմբերին խումբ մը ատրպէյճանցիներ, ներկայանալով իբրեւ բնապահպաններ, փակած էին Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը՝ պահանջելով, որ իրենց մասնագէտները մուտք գործեն ԼՂ-ի մէջ գործող հանքեր։

ՍիվիլՆեթի փաստերու ստուգման խումբը հետաքննութեամբ պարզած էր, որ միջանցքը փակած անձեր գրեթէ որեւէ կապ չունին բնապահպանութեան հետ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչ ներկայացողները մեծամասամբ Ալիեւի իշխանութեան հետ շատ յստակ կապեր ունեցող եւ պետութեան կողմէն ֆինանսաւորուողներ էին։

Այս անձերը առաջին օրերուն վրաններ տեղադրած էին ճամբուն վրայ՝ արգիլելով որեւէ շարժ այդ ճամբով։ Բարձրացած մեծ աղմուկէն վերջ ճամբան սկսած էին բանալ միայն ռուս խաղաղապահներուն եւ շուտով՝ Կարմիր խաչի մեքենաներուն համար։ Սակայն գրանցուած էին դէպքեր, երբ ատրպէյճանցիները ճամբան չէին բացած նոյնիսկ ռուս խաղաղապահներու մեքենաներուն համար, որ կ’ապացուցուի տեսագրութեամբ։ Սա կու գայ հերթական անգամ հերքելու Ալիեւի այն պնդումը, թէ Լաչինի միջանցքը միշտ բաց եղած է եւ ազատ շարժը չէ ընդհատուած։ Բացի անկէ, այն փաստը, որ միայն ռուս խաղաղապահներու եւ Կարմիր խաչի մեքենաներու կողմէն այս ճանապարհը օգտագործուած է, դարձեալ փաստած է, որ ճամբան տեղաշարժը ազատ չէր։