ԱՄՆ քոնկրէսական Ատամ Շիֆ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման հարցով ԱՄՆ միջամտութեան անհրաժեշտութեան մասին նամակ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին։

«ԼՂ ճգնաժամը կը պահանջէ ԱՄՆ-ի կողմէն անյապաղ գործողութիւն։

Նախագահ Ճօ Պայտընը յորդորեցի անմիջապէս հրաւիրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստ՝ դադրեցնելու ատրպէյճանական շրջափակումը եւ գործածելու բոլոր հասանելի գործիքները՝ աջակցելու ԼՂ ժողովուրդին եւ կանխելու հերթական ցեղասպանութիւնը», նամակին կից ըսուած է քոնկրէսականի դիմատետրի էջին վրայ։