Սուրիահայութիւնը եւ մանաւանդ հալէպահայութիւնը աննախատեսելի պատերազմի դառնագոյն հետեւանքները կրեցին։ Արտակարգ պատերազմի տագնապեցնող ահն ու սարսափը, աղէտալի իրավիճակը անցնող ամէնէն բռնկուն (2012 – 2016) եւ դժոխային տարիները, իսլամ ծայրայեղականներու պարտադրեալ եւ սպառնացող չարիքները, տեղահանութեան եւ գոյութենական վտանգները, հարկադրեալ ընկերային սահմանափակումները կը թուէին մասամբ մը մեղմացած եւ հանդարտած ըլլալ(1): Աննախանձելի մղձաւանջէն եւ քաոսէն ետք, Իտլիպ նահանգի մէջ գտնուող Եագուպիէին եւ եագուպիէցիներուն համար ալ, օրերու ընթացքին, խաբուսիկ լաւատեսութեան լուսամուտ մը սկսաւ երեւալ։
Այդ մէկը անդրադարձ էր. երբ 2016 թուականի Օգոստոսին, թրքական քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ՝ Թուրքիան ծայրայեղական հազարաւոր գրոհայիններ հեռացուց Հալէպի արեւմուտքի շրջաններէն եւ Հալէպը կրցաւ որոշ չափով ազատ շունչ մը քաշել, յայտարարելով իր ազատագրումը։
Այս ընթացքով յուսախաբութիւններու ճօճանակի երերումը կը կարծուէր աւարտին հասած  ըլլալ, ուստի դէպի գիւղ վերադառնալու իրատես յոյս մը աճած էր բաղդատած Սուրիոյ տագնապի վատթարագոյն տարիներուն հետ։ Սակայն Իտլիպի անկայուն, անապահով եւ մանաւանդ անվստահելի, անհեռանկար եւ ցաւոտ իրավիճակը շարունակուեցաւ, իրաւատէր պետական ինքնիշխանութեան ամբողջական բացակայութեամբ. սուրիական պետական ներկայութիւնը հեռու մնաց այդ շրջանէն։ Դարձեալ հոն տեղի ունեցան՝ անմարդկային բռնաբարումներ, պղծումներ, քստմնելի սպանութիւններ, ոճիրներ. պարզապէս օրինակ մը յիշելով արձանագրենք հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ, Ճըսըր Շղուրի արաբ երկրորդական դպրոցներու երկարամեայ վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Սուզան Տէր Գարգուրի անողոք բռնաբարումն ու գազանակերպ սպանութիւնը, որոնք տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, 10 Յուլիս 2019-ին, այդ շրջանի բարբարոս մոլուցքով սնանած իսլամ ծայրայեղականներու ձեռամբ։
Ան կառչած մնացած էր ծննդավայրին՝ Եագուպիէին, չէր հրաժարած անկէ, որոշած էր նոյնիսկ առանձին մնալ եւ չհեռանալ իր գիւղէն, կալուածներէն եւ արտերէն: Քսանմէկերորդ դարուն մէջ, քրիստոնեայ հայ կնոջ մը հանդէպ այս անմարդկային ոճիրը ոչ միայն ուժգնօրէն ոտնահարեց, ցնցեց հայ, այլեւ բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու մարդկային արժանապատուութիւնը։
Արաբ մարդկային իրաւունքներու դիտորդներ, դիտորդական կեդրոններ,  արձագանգած, ցանկագրած եւ մանրամասնութեամբ նկարագրած են իսլամական ծայրայեղականներու կողմէ այդ շրջանի գիւղերու եւ աւաններու մէջ քրիստոնեայ համայնքի անդամներու, հոգեւորականներու, եկեղեցիներու եւ կալուածներու նկատմամբ իրագործուած թալանը, կալուածներու եւ բնակարաններու կողոպուտը, առեւանգումները եւ ոճիրները։
Նոր երկուորները իրենց իշխանաւորներու հրամաններով դժբախտաբար քանդած եւ անհետ կորուստի մատնած են Եագուպիէի հայ առաքելական Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կողքին գերեզմանատան մէջ կանգնած դարաւոր Ս. Թէոթորոս մատուռը, հողին հաւասարեցուցած են հայոց գերեզմանատունը ու հոն գտնուող տապանաքարերն ու գերեզմանները։ Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կից հայոց գերեզմանատան տարածքը վերածուած է հանրային պարտէզի։ Ճիշդ է, որ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ քարեղէն կառոյցը մնացած է, բայց  վար առնուած են եկեղեցւոյ  միակ գմբեթի եւ զանգակատան երկաթեայ խաչերը, նմանապէս չկան  արտաքին ցանկապատերուն վրայ երեւցող խաչերը։ Նոյն վախճանին արժանացած են Եագուպիէի ազգապատկան ուխտավայր՝ Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ խաչը, զանգակատան խաչը, եկեղեցւոյ կողքի գերեզմանատան տապանաքարերուն ու գերեզմաններուն վրայ քանդակուած խաչերը։ Երկու եկեղեցիներու պարագային ալ մկրտարաններէն վերցուած են մարմարեայ խաչերը: Անյայտացած, կազմափոխուած են թէ՛ հայկական եւ թէ քրիստոնէական պատմական հետքերը։
Թալանուած ու կողոպտուած է Եագուպիէի ազգապատկան Բերիոյ Հայոց Թեմի կեդրոնի շէնքը: Նոյն կողոպուտին ենթարկուած է Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ կողքին ուխտաւորներու ազգապատկան հանգստավայր պանդոկը, որուն  շինարարութիւնը նոր աւարտած էր տագնապէն առաջ։ Արմատախիլ եղած են դէպի Սուրբ Աննա եկեղեցի բարձունքին վրայ գտնուող եւ եկեղեցւոյ պատկանող գեղատեսիլ կաղնիները, նոյն ճակատագրին ենթարկուած են նաեւ եկեղեցւոյ պատկանող յարակից ձիթենիներու պարտէզները։ Ինչպէ՞ս չյիշել Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ շրջափակին դիմաց գտնուող, գիւղին մէջ քահանային յատկացուած ազգապատկան բնակարանը, որ ամբողջութեամբ թալանուած եւ շահարկումի դրուած է։
Գիւղին մէջ բոլոր անմարդաբնակ տուները ենթարկուած են կողոպուտի, յափշտակուած եւ թալանուած է ամէն ինչ որ կարելի է քակել, վերցնել ու տանիլ՝ իրեր, գործիքներ, մթերք եւ այլն։ Իսկ լաւագոյն պարագային, այդ բնակարանները օտար եկուորներու կողմէ, տարիներէ ի վեր օգտագործումի եւ շահարկումի մէջ են։
Օտար եկուորներու իշխանութեան պայմաններուն բերումով, այսօր սպասումի մթնոլորտ մը կը տիրէ՝ թէ թրքամէտ օտարականները, այդ շրջաններու վերահսկողները ինչպիսի՞ իրաւաբանական վերաբերմունք կամ արտօնութիւններ պիտի ուզեն «շնորհել» եւ կամ պարտադրել բացակայ քրիստոնեայ տեղացիներու կալուածատէրերուն, կամ անոնց ներկայացուցիչներուն, որոնք գիւղ կը մնան։ Նոյնպէս անշարժ գոյքերու, գիւղատնտեսական պտղաստաններու, կալուածներու թէ արտերու սեփականատէրերուն տիրակալութեան նկատմամբ, կամ այդ կալուածներու առուծախը ո՞ր պետութեան առնչուած է կամ հովանին պիտի վայելէ, ինչպիսի՞ դրամանիշով, ի՞նչ երաշխիքով, ապահովագրութեամբ կրնան ըլլալ համաձայնութիւնները։
Ի՞նչ է այդ եկուորներուն հետ կնքուելիք համաձայնութեան հաւաստիութիւնը, նոյնիսկ համաձայնագրերու վաւերականութիւնը, երաշխաւորութիւնը։ Ինչպիսի՞ շահագործման պայմաններով, լիազօրութիւններով պիտի ըլլան այդ գործարքները։ Կալուածներու բազմաբնոյթ, անվստահելի, անվաւեր ու անպատասխան հարցեր։ Այդ բոլոր կալուածներու, ստացուածքներու ճակատագիրը անհեռանկար եւ տարակուսելի կը մնայ կալուածներու սեփականատէրերուն համար։
Անկանխատեսելի իրադարձութիւն մըն էր այն, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին, երբ Եագուպիէի Սուրբ Աննայի տօնին առիթով Մուհամէտ Ալճոլանի ծածկանունով այդ շրջանի ահաբեկչական խմբաւորումներու գլխաւոր իշխանաւորը սուրբին տօնէն շաբաթ մը առաջ հրահանգեց  ահաբեկիչներուն եւ անոնց համակիրներուն, որոնք իրաւատէրի համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ հոն հաստատուած են, որ չխանգարեն այդ տօնին հետ կապուած աղօթքը։ Իշխանաւորը համաձայնած էր, որ հոն մնացող եագուպիէցի տեղացիները Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ աղօթք մատուցանեն, ուստի գիւղ մնացողներու օգնութեամբ եկեղեցին մաքրուած եւ պատրաստուած էր Կիրակի օրուան աղօթքին համար։
Այս զիջումին եւ երկխօսութեան մթնոլորտը եղած է յորդանանցի լատին քահանային՝ Լուայ Պշարաթի միջոցաւ, որ ժամանակէ մը ի վեր կ’ապրի գիւղին մէջ եւ լեզու գտած է ու կը համագործակցի այդ իսլամ օտար, նոր եկուորներուն հրամանատարներուն հետ, որոնք ահաբեկիչներուն յաջորդներն են եւ անոնց «արժանաւոր» ժառանգորդները։
Սուրբ Աննայի տօնին առիթով Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին եւ նոյն եկեղեցւոյ խորանէն արաբերէնով միասնաբար աղօթք բարձրացուցած են յորդանանցի հոգեւորական՝ Լ. Պշարաթը եւ Գընայէի լատիններու հոգեւորական Հաննա Ճալլուֆը։ Աղօթքին մասնակցած են Եագուպիէ եւ Գընայէ մնացող տեղացիներ, աղօթքէն ետք տեղացիներու պատրաստած քաղցրեղէնի հիւրասիրութեամբ ներկաները յիշատակած են Սուրբին տօնը(2)։ Պարտք է յիշել, որ Հալէպի Լատինաց եկեղեցւոյ առաջնորդութեան պատկանող հոգեւորականը՝ Հաննա Ճալլուֆ ծնած է Գընայէ գիւղը 1952-ին, գնահատանքի գիր ստացած է Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 17 Յունուար 2022-ին, որպէս՝ իր հօտի բարօրութեան ծառայող նուիրեալ, օրինակելի հոգեւորական։
Տասներկու տարիներէ ի վեր պատերազմի պատճառած ապահովական,  ընկերային, առողջապահական եւ կենսուժի տագնապները, պատժամիջոցներու բերումով գործադրուած երկրի շրջափակման «Կայսեր» օրէնքը, կենցաղային ամէնէն տարրական պէտքերու ապահովման դժուարութիւնը երեւի բաւարար չէին բազմատանջ սուրիացի քաղաքացիներուն համար, այդ բոլորին վրայ գումարուեցան 6 Փետրուար 2023-ին սկսած երկրաշարժը եւ տարբեր ուժգնութեամբ յետցնցումները, որոնք շարունակուեցան Հալէպի եւ մանաւանդ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Բնութեան կողմէ վշտաբեր տագնապները՝ երկրաշարժն ու յետցնցումները շարունակեցին իրենց մահաբեր աւերները։ Յետցնցումներու ճակատագրական կործանիչ հետեւանքներէն անմասն չմնացին նաեւ Եագուպիէն եւ յարակից շրջանները, Եագուպիէի մէջ գտնուող ազգապատկան եկեղեցիներն ու կալուածները։ Սուրբ Հռիփսիմէն ու մանաւանդ Սուրբ Աննա եկեղեցին բաւական լուրջ կորստաբեր հետեւանքներ ունեցան, ողբալի վիճակ ունի պատմական Սուրբ Աննայի սրբատեղին, քանդուած է խորանը, փլուզումի վտանգի տակ են արեւմտեան պատը, եկեղեցւոյ սիւներն ու զանգակատունը։
Սուրբ Աննա եկեղեցին անմիջական վերականգնումի կարիքը ունի, շինարարական առաջնահերթ եւ հրամայական ամրացումներու, շինարարական անյետաձգելի աշխատանքներու կը կարօտի եկեղեցւոյ ամբողջական կառոյցը։ Յետցնցումներու պատճառով աւելի նուազ տուժած է Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, որ դարձեալ շուտափոյթ խնամքի կարօտ է։ Նման պարագայի օժանդակութիւնները առաւել եւս կը խոչընդոտուին իրաւատէր պետութեան անտիրակալութեամբ։ Իտլիպ նահանգը ընդհանրապէս եւ Եագուպիէի ազգապատկան կալուածները մասնաւորապէս այսօր սուրիական գերիշխանութեան սահմաններէն հեռու են, այդ տարածքները տակաւին անհասանելի են պետական գերիշխանութեան, մանաւանդ որ այդ կալուածները հեռու են իսկական իրաւատէրերու խնամատիրութենէն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմէն։ Ներկայիս անկարելի է, նոյնիսկ արկածներով լեցուն ու վտանգաւոր՝ օգնութեան համար հոն հասնիլը։
Երկրաշարժի քանդիչ հետեւանքներուն գումարած, տեղահանութեան եւ իսլամական ծայրայեղականներու, ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արաբ ու թուրքմէն ընտանիքներու բնակեցումը, արտերու եւ կալուածներու տիրակալութեան անյայտ վիճակը, սպառնացող գոյութենական վտանգները, լայնցուցած են եագուպիէցիներու յուսախաբութեան տրամագիծը եւ հիասթափութեան սրտնեղիչ  թախիծը։ Արհաւիրքի, մարդածին եւ բնածին տառապանքը, նիւթական եւ հոգեբարոյական ցաւալի իրադարձութիւնները կը շարունակուին, պատահած  դժբախտութիւնները կը լրացնեն ողբերգական օղակը։ Աքցանի մէջ առնուած է Եագուպիէն։ Ո՞վ պիտի ըլլայ ազգապատկան կալուածներով եւ հայկական հետքերով Եագուպիէն ազատագրողը, պաշտպանողը։
Եագուպիէի մէջ ապրուած օրերէն քաղուած յուշ-պատումներէն լուսամուտ մը բանալով, նախորդ եւ յառաջիկային ծրագրուած մանրապատումներու շարքը կը նպատակադրէ վերապրեցնել տասնամեակներ առաջ հոն ապրած մեր յիշատակները, որոնք կը ցոլացնեն մեր ապրումներուն վկայութիւնները, այդտեղ բնակուած կէս դարու կեանքի մը իրականութեան որոշ երեւոյթները ժամանակագրող պատկերներով, ուր իւրաքանչիւր բառ շոյանք էր։
Ապրուած օրերու յիշատակները այդ ժամանակին պատկանող յուշեր են, որոնք՝ լոյս, շեշտ եւ անաղարտութեան հրապոյր մը ըլլալով հանդերձ, անցեալի գոյավիճակի հարազատ վկայութիւններ եւ լուսաբանող յետհայեացքներու նկարագրութիւններ են։
Եագուպիէի մէջ ազգապատկան կալուածներու, արտերու, ստացուածքներու նենգափոխումը, ապագայի մշուշապատ հորիզոնի անորոշ վիճակը, անբացայայտ ճակատագիրը, ձեւով մը անյայտ վախճանը, անծանօթ եկուորներու կողմէ այդ հողերուն տիրակալութիւնը, կերպափոխումը գիւղի նոր սերունդներուն համար անվերադարձ կորուստի մը տխրատեսիլ ուրուականը կը պատկերեն, մտախաբութիւն դառնալու չափ ընդվզում եւ պոռթկում կը յառաջացնեն, թէ՛ սեփական եւ թէ ազգապատկան բոլոր կորուստներով:
Եագուպիէի եւ յարակից  շրջաններու համայնապատկերի նկարագրականը, անցեալի ապրուած օրերու, յուշերու հատընտիրները, անփոփոխ եւ անփոխարինելի կը մնան մեր յիշողութեան եւ ենթագիտակցութեան մէջ։ Արդ, ժամանակն է, որ օրերու սահանքին հետ մոռացութեան խրամատը նեղցնենք, կամուրջ մը նետենք վերաշեշտաւորելու նպատակով կամ սեղմ բառերով այդ բոլոր յուշագրութիւնները, յուշապատումները ամրագրենք՝ ոչ միայն իբրեւ սեփականութիւններ, այլեւ իբրեւ ազգապատկան ժառանգութիւններ, կառոյցներ, կալուածներ։ Ամրագրած, հաստատագրած պէտք է ըլլայինք հայկական հետքերու ամբողջական այդ  շրջապատկերը։ Լրջօրէն պէտք է վկայակոչենք, այս մանր հայկական ածուն՝ Եագուպիէ թէ այլուր, ամրագրենք անոր կենսապատումը եւ իրաւատէրի պահանջատիրութեամբ վերահաստատենք, այն գիտակցութեամբ, որ այդ բոլորը դրոշմուած են մեր ազգային հաւաքական յիշողութեան մէջ։
Հայկական բոլոր կալուածներու, հետքերու փճացումը, քանդումը նոյնիսկ կերպարանափոխումը եւ առնչակից նորագոյն ժամանակներու պատմական իրադարձութիւններու եւ երեւոյթներու ծալքերը, մեզ կը մղեն դէպի անցեալ թիավարելու, վերարտադրելու հաւաքական մեր ինքնութեան ոլորտներու մանրապատումները, ստուերներէն դուրս բերելու յանձնառութեամբ։ Ստուգապէս իմանալով՝ ինչ որ չի գրուիր մոռացութեան գիրկը կը նետուի։
1-«Գանձասար» շաբաթաթերթ Օգոստոս Բ. (2022), էջ 6 եւ 8. http://www.kantsasar.com/news/37625-2/
2- «Գանձասար» շաբաթաթերթ Օգոստոս Բ. (2022), էջ 8. http://www.kantsasar.com/news/37625-2/
(Շար. 3)
Փրոֆ. Արա Սայեղ