2013-ին Ֆէրման Թորոսլարի թրքերէնով  հեղինակած «ԱՔՍՈՐ», ամբողջական  վերնագրով  «Ապստամբութեան Բովէն Անցած Մութքեցի Հայ Ընտանիքի Մը  Պատմութիւնը» գիրքին  «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի գործակցութեամբ եւ  օգնութեամբ Մարի Մերտխանեան Եարալեանի կողմէ  արեւմտահայերէնի թարգմանուած եւ Լուսակն հրատարակչատունէն-Երեւան 2022-ին լոյս տեսած գիրքին ընթերցումը աւարտեցի։
Արտասովոր փափաք մը մղեց զիս մինչեւ գիրքին  Երեւանէն աշխարհի չորս ծագերը ուղարկուելով հանրութեան լայն զանգուածներուն  հասանելի դառնալը գոնէ բովանդակութեան մասին մամուլով իրազեկելու  ընթերցասէրները՝  նախաճաշակ մը տալով այս նորատիպին մասին։ Հեղինակին ծնողներուն՝ Ղազարին եւ Գայիանէին կողմէ, որպէս ծպտեալ Հայեր  ապրած տարիներուն իրենց արտայայտութիւններուն  մէջ զգուշաւորութեան համար նոյնիսկ սեփական ընտանիքէն ներս խօսակցութեան ընթացքին հայկականութեան թէ քրիստոնէութեան  ակնարկելու համար գործածած բառամթերքէն փոխ առնելով «խաչպանց» բառը վերնագիր ընտրեցի։
Ինչպէս յաջողած էին բառի մը  մէջ խտացնել պատմութիւն, հաւատամք, ինքնութիւն եւ տասնամեակներ գոյատեւած անկոտրում կամք։ Հեղինակը սեփական ընտանիքի գոյերթին պատումով վաւերական փաստագրումը կը կատարէ Ցեղասպանութեան տարիներուն զանազան ձեւերով երկիր մնալ յաջողած հատուկենտ հայերու վիճակուած ճակատագրին, սեփական երկրին մէջ ըլլալով արմատախիլ, աքսորական եւ ինքնութենէ զուրկ ապրելու իրավիճակներուն։ Այլապէս կարելի է ըսել թերեւս, որ հոն կայ 1915-էն ետք  շարունակուած Ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու Հայ ինքնութեան պահպանման կամքը, թէկուզ երկար տարիներ ծպտեալ ապրելու ծանրագոյն պայմաններ յաղթահարելու ստիպողականութեամբ:
Նորատիպը նեղ յուշագրութիւն մը ըլլալէ  շատ անդին  Ցեղասպանութենէն մինչեւ մեր օրերը շարունակուող  ամէնէն երկար  հերոսամարտի պատմութիւնն է, որ տեսերիզի մը նման հեղինակին հաղորդականութեան շնորհքով համեմուած, լայն դիտանկիւնով, իւրաքանչիւր հատուածի  ընթերցումին հետ կը պատկերանայ մեր աչքերուն առջեւ։
Գործողութիւններու դաշտը միայն հեղինակին ծննդավայրը չէ, այլ բռնագրաւուած համայն Արեւմտահայաստանն է, իսկ գործող  հերոսը միայն Թորոսլար ընտանիքը չէ, այլ բռնի թրքացման դէմ անդուլ պայքարող իրաւազրկեալ մեր ժողովուրդի այն հատուածը, որ երկիր մնալով հանդերձ դարձաւ աքսորական, արմատախիլ, քեմալական հանրապետական Թուրքիոյ վերաբնակեցման որոշումներով, չսպանուեցաւ ուղղակի, բայց անոր պարտադրուեցաւ կրօնափոխ դառնալ. երբեմն այդ մէկը կատարուեցաւ հասնելով մինչեւ թրքացման, պետական փաստաթուղթերու մէջ, առանց իսկ ենթականերուն գիտութեան ակամայ,  բռնի համաթրքացման Ֆերմաններով (հրահանգագրերով) գողցուեցաւ անոր ազգային պատկանելիութեան իրաւունքը, մինչեւ իսկ փոխուեցաւ անունը, իր ինքնութիւնը։
Ապրեցաւ ծպտեալ, բայց պահեց հայ ըլլալու գիտակցութիւնը իր էութեան մէջ, հակառակ զայն իրմէ խլելու թուրք պետութեան հետեւողական բռնամիջոցներու կիրարկումին, չենթարկուեցաւ իր հողը կեղեքողին եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով տարերային կերպով դիմադրեց թրքացումին, մինչեւ իսկ ճնշեալ այլ փոքրամասնութիւններու կողքին մասնակից դարձաւ ցեղասպան բըռնակալին դէմ ծագած ապստամբութեան։ Տեւաբար մերժելով ցեղասպանի հետ գործակցութեան ուղին, մինչ այսօր  ոմանք ընտրած են զայն կամովին։
Հատորին հեղինակումը խիզախութիւն է, թրքերէն բնագրին Արաս հայկական հրատարակչատան կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակութիւնը յանդուգն նախաձեռնութիւն է։ Աքսորը  համայն Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հայերու շարունակուող հերոսամարտի-վաւերական նորագոյն փաստագրումն է, իսկ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին կողմէ արագ արձագանգով զայն արեւմտահայերէնի թարգմանելու իրագործումը մեր ներազգային բնագաւառին մէջ համադրուած ու նպատակային աշխատանք ծաւալելու ունակութեան եւ  կարելիութիւններու  առկայութեան վերյիշեցումն է։
Լեզուի մասնագէտ չըլլալով հանդերձ, չեմ կրնար չդրուատել  թարգմանութեան դիւրահաղորդ լեզուն։
Համացանցի նիւթերով հեղեղուած մեր օրերուն մէջ  օգտաշատ ու հաճելի ընթերցում կը ցանկամ բոլոր գրքասէրներուն։
Ազգային Պահանջատիրութեան  նուիրական գործին մէջ հաշուառելի գործօն է երկիր ապրող մեր ժողովուրդի պայքարունակ այս հատուածը, որուն մարդկային, տարրական իրաւունքներու ապահովման եւ ազգային ինքնութեան պահպանումին սատարելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունինք ազգովին։
Արազի երկու ափերուն երկիրն է մեր սուրբ։
Գրիգոր Տունկեան