(Արտասանուած ընկեր Յակոբ Պարսումեանի կողմէ)

ՀՅԴ մեր ընտանիքին անունով տխուր պարտականութիւն ունիմ ցաւակցութեան ու վշտակցութեան խօսք արտասանելու մեր սիրելի ընկեր Միհրան Տիգրանեանի անժամանակ մահուան առիթով:
Սիրելի՛ սգակիր հարազատներ,
Հաւաքուած ենք Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս՝ մեր վերջին հրաժեշտի խօսքը տալու սիրելի ընկեր Միհրանին, որուն յանկարծամահ ըլլալուն բօթը խոր կսկիծ յառաջացուց մեր սրտերուն մէջ։

Գի­տենք, որ կեան­քին պէս հին է մա­հը, միա­սին են ա­նոնք ու զու­գա­հեռ ըն­թաց­քով, բայց դար­ձեալ դժուար է հաշ­տո­ւիլ ա­նոր հետ: Միշտ տխուր ենք ու անմ­խի­թար՝ մա­հո­ւան դի­մաց: ­Մեր հո­գին կը ճմլուի յատկապէս, երբ ան­վե­րա­դարձ մեկ­նողը մեր սի­րե­լի՛ն է, սրտա­կի՛ցը, գոր­ծա­կի՛ցը ու գաղափարակից ընկերը։

Ընկեր Միհրան Տիգրանեանի մասին վկայութիւնները բազմաթիւ են։ Ան եղած է ՀՅԴ ընտանիքի անդամ, վարելով կուսակցական բազմաթիւ պաշտօններ: Բոլոր ընկերներուն մօտ ընկեր Միհրանը միշտ հանդէս եկած է իր բարոյական բարձր չափանիշերով ու դաշնակցական ընկերոջ օրինակելի ու սկզբունքային դրսեւորումներով: Ան ոչ միայն կուսակցական աշխատանքներու մէջ միշտ եղած է պարտաճանաչ և կուսակցութեան համընդհանուր շահերը ամէն ինչէ բարձ դասող, այլեւ՝ բնաւորութեամբ հեզ, խոնարհ, անտրտունջ աշխատող։ Իր կենսագրական գիծերուն մէջ յատկանշական էր իր զուարճախօսութիւնը։ Ան միշտ դրականօրէն լիցքաւորուած էր միութենական եւ ազգային ծառայութեան մէջ։

Սիրելի՛ ընկեր Միհրան,
Բացակայութիւնդ ՀՅԴ շարքերուն մէջ դեռ երկար ատեն պիտի զգանք:
Ընկերներուդ սրտերուն մէջ միշտ վառ պիտի մնայ լուսաւոր յիշատակդ, որպէս աննահանջ սպասաւոր ՀՅԴ-ի ու իսկական նուիրեալ:

Յիշատակդ վա՛ռ։ Հողը թեթեւ գայ վրադ։ Հանգի՛ստ աճիւններուդ։

Գաղափարակից Ընկերներ