Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ, 2 Սեպտեմբեր 2023-ին, «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի աւարտական հանդէսը:
Ներկայ էին Հասիչէի կրթական տնօրէնուհի Իլհամ Սարուխան, հոգեւոր հայրեր, ազգայիններ եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներ։

Հանդիսութիւնը բաց յայտարարուեցաւ ու ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը։
Հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։ Այնուհետեւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան ընթերցեց սրբազան հօր օրհնութեան գիրը՝ ուղղուած Ազգային Միացեալ վարժարանի առաջին երկրորդական հունձքին, որ լուսահոգի Աշոտ Աւագ Քահանայ Փափազեանի հունձք։ Տէր Աշոտ եղած է շրջանի առաջին ուսուցիչը, ծառայած 1931-էն մինչեւ 1965 թուական որպէս ժրաջան կրթական մշակ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Խաչատուրեան-Թէօքմէճեան: Ան վեր առաւ հայ լեզուի, գրականութան եւ մշակոյթի անհերքելի դերը ըսելով. «Ինչպէս Մեծանուն Խաչատուր Աբովեան կ՚ըսէ՝ Ազգ պահողը եւ միացնողը լեզուն ու հաւատքն են։ Այս խօսքը մեր առօրեայ կեանքին ուղեցոյցը պէտք է դառնայ»: Ապա ան շնորհաւորեց շրջանաւարտ աշակերտներն ու իրենց ծնողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միութիւններուն, հաստատութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը հանդիսանան վարժարանի վերելքին։

Աշակերտները յաջորդաբար բեմ բարձրացան ներկայացնելով հայ լեզուի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած քերթուածներ, Սայաթ նովայի երգերէն օրինակ մը ,հայկական պար՝ պարուսոյց Նուշիկ Տիգրանեան-Երէցեանի հսկողութեամբ։

Աշակերտութեան հայերէն ուղերձը արտասանեց Ալիք Մովսէսեան, իսկ արաբերէնը՝ Եղնար Ազիզեան։

Աշակերտական երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ փունջ մը ազգային երգերով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նայիրի Խաչատուրեանի-Թէօքմէճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի։

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում եւ առաջնակարգ աշակերտներու պարգեւատրում։
Պաքալորիայի քննութեան պետական արդիւնքին լոյսին տակ առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտները պարգեւատրուեցան.
1֊Ալիք Մովսէսեան
2֊Եղնար Ազիզեան
3֊ Հերա Պետրոսեան
3֊ Մարտիկ Կարապետեան
Իսկ հայերէնագիտութեան գերազանց արդիւնք ապահովող հետեւեալ աշակերտները.
Առաջին՝
Ալիք Մովսէսեան
Եղնար Ազիզեան
Հերա Պետրոսեան

Երկրորդ՝
Տեսիլ Յարութիւնեան
Մարտիկ Կարապետեան
Աբիկ Փափազեան
Նարեկ Շահինեան
Նուէր Սարգիսեան
Պաքալորիայի գրական բաժինէն պարգեւատրուեցաւ.
Աննա Սարգիսեան

Իններորդ կարգի պետական քննութեան առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտները պարգեւատրուեցան.
1֊Քարէն Օհանեան
2֊ Աննա Մարիթա Ազիզեան
3֊Մելիսիա Սիմոնեան
Իսկ հայերէնագիտութեան՝
Առաջին
Կայէլ Սարգիսեան
Ռիթա Հըմմօ

Երկրորդ
Աննա Մարիթա Ազիզեան
Քարէն Թովմասեան

Երրորդ
Քարէն Օհանեան

Չորրորդ
Սթեֆանի Յովհաննէսեան։
Ապա պարգեւատրուեցան անցեալ տարուան՝ 2021֊2022-ի իններորդ կարգի պետական քննութեան արդիւնքով առաջնակարգ հետեւեալ աշակերտները
1-Բարտի Շիրիքճեան
2-Ռիթա Յովհաննէսեան
Լուսիա Յովսէփեան
3֊Գրիգոր Օհանեան
Իսկ հայերէնագիտութեան՝
1֊ Աբիկ Իպրահիմ
2֊ Բարտի Շիրիքճեան
3֊Ռիթա Յովհաննէսեան
Հուսկ` սրբազան հայրը իր օրհնութիւնն ու սրտի խօսքը ուղղելով ըսաւ. «Հայ դպրոցը մեզի համար գերագոյն եւ նուիրական արժէք ունի, որովհետեւ այնտեղ է որ մեր մատղաշ սերունդի զաւակները փոքր տարիքէն մուտք կը գործեն: Հոն կը թրծուի իրենց նկարագիրը, միտքը, հոգին, էյութիւնը։ Հոն անոնք կը դաստիարակուին հայկական շունչով, հայկական արմատներուն կառչած մնալու հաւատքով։ Աշակերտներուն մէջ կը թրծուի նաեւ իսկական հայը, որ հաւատարիմ է իր ազգին, իր հոգեմտաւոր եւ ազգային արժէքներուն, հաւատարիմ է իր հողին, իր նահատակներուն, իր սրբազան հայրապետներուն եւ իր ժառանգած աւանդին»:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ յատկանշեց հայ ուսուցիչին նուիրական դերը սերունդներ դաստիարակելու դժուարին առաքելութեան մէջ, որ ի կատար կ՚ածէ անսահման նուիրումով։ Ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի անխոնջ աշխատանքը, դիտել տալով որ ազգային եւ եկեղեցական արժէքներու նկատմամբ իր բարձր գիտակցութենէն մղուած ան նախանձախնդիր, հաւատքով եւ եռանդով ճիգ չի խնայեր դպրոցին եւ եկեղեցւոյ բոլոր աշխատանքներուն նպաստելու։
Ինչպէս նաեւ գնահատեց հոգաբարձութիւնը, տնօրէնուհին ուսուցչաց կազմը եւ բոլոր անոնք, որոնք նուիրումով կ՚աշխատին ի խնդիր հայկական դպրոցներու վերելքին, առաւել եւս բարերարները՝ իրենց նիւթական ներդրումին համար։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն