Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի ուղերձը ՀՀ անկախութեան տօնին առիթով.

«Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այսօր համախմբուած ենք սրբազան այս կամարներու ներքոյ միասնական աղօթք մատուցելու առ Աստուած Հայաստան եւ Արցախ նուիրական մեր հայրենիքի խաղաղութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգ կեանքին համար:

Հայոց անկախ պետականութեան վերակերտման երեսուներկուերորդ տարեդարձը կը դիմաորենք մեծ տագնապներու ու անհանգստութիւններու եւ նոր կորուստներու ցաւի մէջ։ Մեր միտքերն ուղղուած են հայրենի Արցախ աշխարհին, որտեղ տեւական ահաբեկումներէն, բռնաճնշումներէն եւ աւելի քան ինը ամիսներու ամբողջական շրջափակումէն վերջ Ատրպէյճանը զինուորական լայնածաւալ գործողութիւններ վերսկսաւ՝ շարունակելով ցեղասպան իր քաղաքականութիւնը արիւնալի ոճրագործութիւններով:

Մեր ժողովուրդը Արցախի մէջ այսօր կանգնած է գոյաբանական սոսկալի սպառնալիքներուն առջեւ: Հարիւր տարի անց քաղաքակիրթ աշխարհի հայացքի ներքո մեր ժողովուրդը վերստին կը ճաշակէ դառնութիւնը ցեղասպանութեան։ Վերստին ազատ ու անկախ կեանքի ու ազգային պատկանելիութեան համար հայը կը վճարէ իր կեանքով ու իր արեամբ։

Մենք կը հրաժարինք հաւատալ, որ քսանմէկերորդ դարու աշխարհին մէջ կը շարունակէ գործել ուժի իրաւունքը, կը հրաժարինք հաւատալ, որ աշխարհի առաջնորդները չեն կրնար միջոցներ գտնել կանխելու համար եղեռնագործութիւնը Արցախի մէջ: Մեր կոչը կ’ուղղենք միջազգային կառույցներուն, բարեկամ պետութիւններու ղեկավարներուն՝ անյետաձգելի եւ առաւել ազդու միջոցներ գործադրելու Ատրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւնները կասեցնելու համար: Կոչ կ’ուղղենք մեր երկրի իշխանութիւններուն, ազգային կառոյցներուն, քաղաքական, հասարակական գործիչներուն՝ ամէն ջանք ներդնելու արցախահայութեան նոր պատուհասներէն փրկելու համար։ Ազգային մեր կեանք պառակտումը, կործանարար անտարբերութիւնը, քաղաքական ներհակութիւնները, հասարակական բեւեռացուածութեան պատճառով համախմբուելու անկարողութիւնը նորանոր հարուածներ պիտի հասցնեն մեր ազգին եւ հայրենի պետականութեան։ Մեզի պէտք է միաբանութիւն՝ փորձութիւնները յաղթահարելու ռւ վերհառնելու համար, անդաւաճան հայրենանուիրում՝ պետութեան անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հզօրանալու համար, պատասխանատուութիւն ու բարձր գիտակցութիւն՝ համազգային ու պետական մեր շահերու պաշտպանութեան եւ նուիրական իղձերու իրականացման համար։

Արցախի հաւատավոր սիրելի զաւակներ, Հայրական Մեր օրհնութիւնն ու աղօթքը կը բերենք ձեզի եւ Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի իշխանութիւններուն։ Ծանր պատասխանատուութեան առջեւ կանգնած էք եւ ցաւօք, միայնակ կը կրէք ձեր տառապանաց խաչը։ Մեր ցաւն ու վիշտը ընդհանուր է, մեր կորուստներու եւ հայրենի երկրին հասցուած դաժան հարուածներու դառնութիւնն ու տխրութիւնը ամէնքիս սրտերուն մէջ են։ Վճռական այս պահուն թող Աստուած ապաւէն ըլլայ, մխիթարէ ու գօտեպնդէ ձեզ՝ դիմակայելու նեղութիւններուն ու դժուարութիւններուն, եւ Տիրոջ ողորմութեամբ ձեր եւ ձեր զաւակներուն կեանքի ընթացքը ըլլայ անվտանգ ու ապահով։ Այս ծանր իրավիճակին, մեր պատմութեան փոթորկայոյզ ժամանակները յաղթահարած մեր նախնեաց օրինակով, յոյսով եւ հաւատով զինուինք ու զօրանանք՝ ըստ սաղմոսերգուի խօսքին. «Թէեւ մահուան շուքի ձորին մէջ ալ պտըտիմ, չարէն պիտի չվախնամ, վասնզի դուն ինծի հետ ես, քու ցուպդ ու գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն» (Սաղմոս 23:4):
Սիրելի ժողովուրդ ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս, միասնաբար աղօթք բարձրացնենք առ Երկնաւոր Տէրը՝ հայցելով, որ Բարձրեալն Աստուած խաղաղութեան Իր շնորհները հեղէ հայոց աշխարհին, ամուր ու հաստատուն պահուն հայոց պետականութիւնը եւ ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան մէջ՝ վճռական ու անսասան մեր ժողովուրդին:

Տիրոջ սէրը, շնորհը եւ խաղաղութիւնը թող ըլլան մեզի հետ այժմ եւ միշտ. Ամէն»։