Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութիւնն ու ժողովուրդը խստիւ կը դատապարտեն 19 Սեպտեմբեր 2023-ին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած պատերազմն ու զինուորական գործողութիւնները, որոնց պատճառով արցախահայութիւնը ապրելով իր պատմական հողին վրայ ունեցաւ նահատակներ եւ վիրաւորներ, որոնց կարգին նաեւ երեխաներ:

Ինը ամիսներէ ի վեր շրջափակուած Արցախի ժողովուրդը կեանքի կենսական պէտքերէն զրկուեցաւ եւ Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած ցեղասպանութեան ու Արցախի հայաթափման սպառնալիքին ենթարկուեցաւ ողջ աշխարհի աչքին առջեւ: 19 Սեպտեմբերին Ատրպէյճան Արցախը բռնագրաւելու եւ իրեն ենթարկելու համար լայնածաւալ յարձակում գործեց խաղաղասէր արցախահայութեան ու անոր ենթակառոյցներուն վրայ, խախտելով մարդկային իրաւունքներն ու միջազգային օրէնքները:

Արդ, կոչ կ’ուղղենք միջազգային ընտանիքին, գերպետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, անմիջապէս միջամտելու եւ կասեցնելու Ատրպէյճանի ոճրային արարքները։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր ժողովուրդին՝ կարելի բոլոր միջոցներով սատարելու Արցախի մեր հայրենակիցներու օժանդակութեան։

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Հալէպ, 21 Սեպտեմբեր 2023