«Արմէնփրէս»._ 123 թուրք մտաւորականներու կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութենէն վերջ, թուրք ազգայնականներու կողմէն սկսած են հնչել կոչեր՝ զրկելու այդ գործիչները Թուրքիոյ քաղաքացիութենէն։

Մասնաւորապէս յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Եւրասիոյ թրքական ընկերութիւններու դաշնութեան նախագահ Իսմայիլ Ճենկիզ, որ նշած է, թէ «123 հայասէրները պէտք է անյապաղօրէն զրկել քաղաքացիութենէն»։

Ան նաեւ դիտել տուած է, որ քաղաքացիութենէն զրկելէն վերջ անոնց ցանկութեան պարագային պէտք է ղրկել Հայաստան։

Նախապէս հրապարակած էինք թուրք մտաւորականներուն յայտարարութիւնը, ուր անոնք ահազանգած էին Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուող ցեղասպան քաղաքականութեան մասին ու կոչ ուղղած էին միջազգային հանրութեան դիտորդի դերի մէջ ըլլալու փոխարէն գործի անցնելու ու կանխելու մարդկային նոր ողբերգութիւնը։

«Ատրպէյճան այս յարձակումը իրականացուց Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ակնյայտ աջակցութեամբ, իսկ ողջ աշխարհը լուռ կը հետեւէր տեղի ունեցածին։

Կայ ակնյայտ ցեղային զտման ու ցեղասպանութեան վտանգ», ըսած էին թուրք մտաւորականները՝ ընդգծելով, որ Միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ, արժանթինցի փաստաբան Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նախազգուշացումները հատ առ հատ իրականութիւն կը դառնան։

Նամակը ստորագրած 123 թուրք մտաւորականներու շարքին էին թուրք պատմաբաններ Թաներ Աքչամ, Պասքըն Օրան, Սաիթ Չեթինօղլու, քաղաքագէտ Ճենկիզ Աքթար, լրագրող Արիս Նալճըն, իրաւապաշտպան Էրեն Քեսքին եւ այլօք։