Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին յայտարարած է, որ տարածաշրջանի մէջ Իրանի զինեալ ուժերու ներկայութիւնը կը կանխէ սահմաններու փոփոխութիւնը։
«Արմէնպրէս»-ի համաձայն, Ռայիսին նման պնդում կատարած է՝ խօսելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հարցերուն մասին։

«Իրանի զինեալ ուժերու հեղինակաւոր ներկայութիւնը կը կանխէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութիւն եւ սահմաններու փոփոխութիւն», ԻՐՆԱ գործակալութեան համաձայն ըսած է Ռայիսի։

Իրանի նախագահը նաեւ շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։

«Ղարաբաղը, անկասկած, կը պատկանի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, սակայն հարկաւոր է հայերու իրաւունքները ապահովել այնպէս, որ տարածաշրջանի մէջ պաշտպանուած ըլլան անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները», ըսած է Ռայիսի։