Արցախի Տեղեկատուական Շտապը փոխանցած է, որ նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 24 Սեպտեմբերին հանդիպած է վերջին զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով տարհանուած, անօթեւան մնացած եւ Իւանյանի մէջ ռուս խաղաղապահներու մշտական տեղակայման վայրի հարեւանութեամբ հանգրուանած քաղաքացիներուն հետ:
Ծանր կացութեան մէջ յայտնուած քաղաքացիները ցանկութիւն յայտնած են տեղափոխուելեւ ՀՀ-ի մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն մօտ:
Ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հետեւանքով ընդունուած է որոշում, որուն համաձայն յատկացուած է թիւով 30 հանրակարգ՝ վերոնշեալ քաղաքացիներուն անխոչընդոտ ՀՀ տեղափոխելու նպատակով:
Վերոնշեալ՝ անօթեւան մնացած եւ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած քաղաքացիներու տեղափոխման գործընթացը աւարտելէ վերջ մեր բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք ցանկութիւն ունին տեղափոխուիլ ՀՀ, յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ունենան այդ կարելիութիւնը:

Կառավարութիւնը նախատեսած է նաեւ կազմակերպուած եղանակով տրամադրել վառելանիւթ:

Խնդրուած է այն քաղաքացիներէն, որոնք զինուորական գործողութիւններու հետեւանքով ստիպուած չէին լքել իրենց տուներն ու բնակավայրերը, պահպանել հանգստութիւն եւ սպասել գործընթացի մասին պաշտօնական տեղեկատուութեան:

Նկատի առնելով բնակչութեան կողմէ ստեղծուող արհեստական խոչընդոտները՝ նախագահը կոչ ուղղած է խուսափելու խուճապային տրամադրութիւններէն, անկարգապահութեան, բռնութեան եւ յանցաւոր երեւոյթներէն, ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ օրինապահպանութիւն:
Տեղեկացուցած են, որ գործընթացը իրաւապահ մարմիններու շուրջօրեայ հսկողութեան տակ է, եւ անոնք կանխարգիլման աշխատանքներ տանելու յանձնարարական ունին: