ՀՀ կառավարութենէն կը յայտնեն, որ Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբերին ժամը 06:00-ի շուրջ, ԼՂ-էն Հայաստան մուտք գործած է բռնի տեղահանուած 2906 անձ։

Անոնց 2100-ին մասին հաշուառման տուեալներ պատրաստուած են, իսկ 794-ի կարիքներուն գնահատումը նոյնականացման փուլ մտած է:

2100 հաշուառուող անձերէն մօտ 1000 անձ մեկնած է իր կողմէ որոշուած կեցութեան վայրեր, իսկ մնացեալ 1100-ին կառավարութիւնը ապահոված է կեցութեան վայրով (մէկ մասին տեղաւորումը տակաւին ընթացքի մէջ է)։

Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն հոսքը շարունակուած է ամբողջ գիշերուան ընթացքին։