Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը կատարուեցաւ, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։
Մրցանակը կը շնորհուի հալէպահայ վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված հայ ուսանողներուն։

Յիշեալ նախաձեռնութեան սրբազան հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, տէր եւ տիկ. Բենօ Պետրոսեան, տէր եւ տիկ. ճարտարապետ Կարպիս Մինասեան, մրցանակին արժանացող ուսանողներն ու իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ, հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ եւ ԺԲ. կարգի ուսանողներ։

Բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան յայտնելով, որ Սրբոց Թարգմանչաց հպարտութիւն առթող տօնին համախմբուած ենք սրբազան հօր ձեռամբ կատարելու «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակաբաշխութիւնը, որ այս տարի կը զուգադիպի միջնադարու մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան, 12-րդ դարու հայոց կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850-րդ տարելիցին եւ առիթ կը հանդիսանայ անմահացնելու հայրապետին անունը եւ անոր նման ստեղծագործ միտքով դէպի յառաջ ընթանալու:
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարերար պրն. Կիրակոս Գույումճեանին՝ հայ ուսեալ տարրը յառաջ մղելու իր ներդրումին համար եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ուսանողներուն։

Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց նուագ՝ Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը, որուն ճամբով ուսանողները հրամցուցին հայկական մշակոյթի հարուստ ժառանգութենէն գոհարներ։ Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանէն Ալպէրթ Ժագ Պօղոսեան ջութակով մեկնաբանեց «Կռունկ»-ը, ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն Անդրանիկ Կիւլտալեան սրինգով մեկնաբանեց «Գարուն Ա» եւ «Քելէ՛, Քելէ՛» երգերու մեղեդիները։
Ընթերցուեցաւ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի հիմնադիր եւ նուիրատու Կիրակոս Գույումճեանի խօսքը, ուղղուած՝ 2022-2023 տարեշրջանի մրցանակակիր շրջանաւարտներուն։ Բարերարը իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն կը հաստատէր. «Թէեւ ազգովին դժուարութիւններու հանդիպեցանք այս տարի ու կրեցինք մարդկային եւ տարածքային կորուստներ, սակայն քաջ գիտենք, որ ազգն ու հայրենիքը յառաջ մղելու մեր յոյսը դուք էք՝ տեսլական ունեցող երիտասարդութիւնդ, որովհետեւ տիրանալով բարձրագոյն ուսման, մասնագիտանալով զանազան ոլորտներու մէջ, մեր փայլուն ապագան կերտելու ճամբան պիտի հարթէք»։
Այս առիթով, ան կը շնորհաւորէր շրջանաւարտները, անոնց ծնողները, հայկական վարժարաններու տնօրէններն ու կրթական մշակները։ Մէջբերելով Աւետարանի հետեւեալ խօսքը. «Իւրաքանչիւր ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի», ան դիտել կու տար, որ Հալէպի հայկական վարժարանները այն բերքառատ ծառերն են, որոնց պտուղներն են՝ շրջանաւարտները։

Այնուհետեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի ձեռամբ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան՝
Ա. Ալպէրթ Ժագ Պօղոսեան 2890/2900 (Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարան)
Բ. Յարութ Գարճեան 2875/2900 (Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարան)
Գ. Արեգ Արոյեան 2874/2900 (Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան)

Այս առիթով մրցանակակիրներուն իր հայրական պատգամը ուղղեց
սրբազան հայրը, ըսելով. ««Ս. Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի բաշխման այս օրը կը զուգադիպի Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին ու Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին։ Դուք որպէս շրջանաւարտներ, երբ կը բացուիք համալսարանական ուսման, այս տօնական օրերուն կը ներշնչուիք մեր սրբազան վարդապետներուն մեզի թողած աւանդով, պատգամով։ Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Սահակ Պարթեւ, իրենց 100 աշակերտներով, հիմնական քանի մը սկզբունքներով առաջնորդուած մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքը փոխեցին։ Անոնք կը տեսնէին, որ հայ ժողովուրդը չունենալով գիր, մշակոյթ, ենթակայ էր ձուլման։ Մեր սուրբ վարդապետները յանձն առին զոհողութիւններ, մէկ կողմ ձգելով պալատական կեանքն ու իշխանութիւնը, հիմնուելով իրենց բարձր ուսման, հայու հոգիին, ժողովուրդին նկատմամբ սիրոյն վրայ։ Անոնք յանձն առին զոհուիլ՝ աւելի բարձր արժէքներ պեղելու ու անոնց հասնելու համար։ Անոնք դարձան Հայաստան աշխարհին վրայ ճնշող խաւարին լուսաւոր մոմերը ու իրենց անկոտրում կամքով հայ գիրը ստեղծեցին ու հայ դպրութիւնը հիմնեցին։ Իսկ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետը որ 12-րդ դարու ամէնէն նշանաւոր հայրապետներէն մէկն էր, իր ունեցած երաժշտական, ընկերաբարոյական, աստուածաբանական բազում շնորհներով, այնքան համեստ ու հեզ եղած է ու նուիրուած իր ազգին, որ այսօր դարեր ետք կը յիշենք զինք եւ պրն. Կիրակոս Գույումճեանի հիմնած ու Ս. Ներսէս Շնորհալիի անունով մկրտած մրցանակը կը յատկացնենք ձեզի։

Այսօր բոլորս ինքնաքննութեան հրաւիրուած ենք, բացայայտելու որ մենք ի՞նչ կրնանք ընել, եւ այն ինչ որ կ՚ընենք ի՞նչ հասկացողութեամբ կ՚ընենք։ Ի ցոյց մարդկա՞նց կ՚ընենք, թէ իսկապէս հաւատքով, մեր նմանին, ազգին, հայրենիքին, եկեղեցւոյ, հոգեմտաւոր մեր արժէքներուն սիրոյն մղումով ու տագնապով կ՚ընենք։ Այդ սէրն է, որ կը մղէ մեզ որ մեր հոգիէն տանք, մեր ժամանակէն տանք, մեր գրպանէն տանք ու մեր կեանքէն տանք։

Այսօր ուրախ եմ որ կ՚արժանանաք այս մրցանակին։ Բայց մրցակցութեան ոգին թող ձեզ չմղէ պարզապէս մրցանակ առնելու, այլեւ նմանելու այդ տիտաններուն, մտածելու որ ի՞նչ կրնաք տալ ձեր ազգին, ձեր համայնքին։

Երբ հայկական վարժարաններէն շրջանաւարտ կը դառնաք, ձեր մէջ քանդակուած պէտք է ըլլայ հայու ոգին։ Մենք հայու ոգիով տոգորուած երիտասարդներու պէտք ունինք մեր համայնքէն ներս։ Դուք էք ապագայի յոյսը, ապագայի ուսուցիչները, առաջնորդներն ու եկեղեցականները։ Հետեւաբար, այդ տիտաններու հոգին է, որ մեր մէջ պէտք է ընդունինք եւ այդ ոգիով առաջնորդուինք»։

Ապա, սրբազան հայրը օրհնեց եւ շնորհաւորեց մրցանակաբաշխութեան հիմնադիր քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ իր լումայէն, իր աշխատանքի արդիւնքէն, իր հոգիէն բաժին մը տալուն կողքին, Շնորհալիի մշակոյթը կը ջանայ փոխանցել աշակերտներուն, որպէսզի ծանօթանան հայրապետին հարուստ ժառանգութեան։

Մակար Սրբազան շնորհաւորելով ծնողները, ուսուցիչները, տնօրէններն ու աշակերտները ըսաւ. «Երախտագէտ պէտք է ըլլաք նուիրատուին ո՛չ թէ միայն խօսքով, այլեւ աշխատանքով եւ նուիրումով, վառ պահելով ուսման ոգին ու մեր արժէքներու պահպանման նախանձախնդրութիւնը»։

Աւարտին, յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան եւ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։