Նկատի ունենալով, որ մամուլն ու զանազան լրատուամիջոցները լայնօրէն մուտք գործած են մեր առօրեային մէջ եւ իրենց ազդեցութիւնը կը թողուն մեր մտածելակերպին եւ քայլերուն վրայ, 6-7 Հոկտեմբեր 2023-ին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Ընկերաբժշկական Կեդրոնի «Գ. Համալեան» սրահէն ներս ընթացք առաւ ՍՕ Խաչի Հրատարակչական Յանձնախումբին նախաձեռնած լրագրութեան երկօրեայ սեմինարը, մասնակցութեամբ ՍՕ Խաչի նստավայրի մասնաճիւղերու, Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչերու, իսկ ԶՈՒՄ հարթակով Քեսապի մասնաճիւղի անդամուհիներու եւ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչին։
Սեմինարը բացուեցաւ ՍՕԽ-ի քայլերգով, ապա մասնակիցները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին Արցախի նահատակներուն յիշատակը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեան, յայտնելով որ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ պիտի ունենայ իր յատուկ էջը, ուր ամսական դրութեամբ պիտի ներկայացուին ՍՕ Խաչի մասնաճիւղերուն ու շրջանային յանձնախումբերու յատկանշական գործունէութիւնները։ Սոյն ծրագիրը գործնականի վերածելու եւ ճշգրիտ տուեալներով գործի սկսելու համար որոշուեցաւ լրագրական երկօրեայ դասընթացքի մը նախաձեռնել»։
Սեմինարի առաջին դասախօսն էր ՍՕ Խաչի վաստակաշատ ընկերուհի Հռիփ Կանանեան, որ անդրադարձաւ քարոզչական աշխատանքի նպատակին։ Կանանեան յայտնեց, որ քարոզչական աշխատանքը անհրաժեշտ է ժողովուրդին մօտ վստահութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու, մօտեցնելու զայն մեր միութեան, որպէսզի օգտուին միութեան մատուցած ծառայութիւններէն։
Այնուհետեւ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան ներկայացուց տպագիր եւ առցանց մամուլը, անդրադարձաւ մամուլի կարեւորութեան, որ կը միտի բարձրացնել հասարակութեան իրազեկութեան մակարդակը եւ կարծիք ձեւաւորել: Ապա անդրադարձաւ լրագրութեան ոճին եւ լեզուին ու պարզեց լրագրողին հմտութիւններն ու յատկանիշները:
Երրորդ դասախօսն էր Հրատարակչական Յանձնախումբի անդամ Թալին Մինասեան։Ան ներկայացուց «գովազդ» կամ «ծանուցում» հասկացողութիւնը, դիտել տալով որ ծանուցումը երկու նպատակ կը հետապնդէ՝ աշխատանքի քարոզչութիւնը կատարել ու հրաւիրել մասնակցութեան, իսկ տնտեսական հաստատութիւններու պարագային արտադրութեան վաճառքը խթանել։ Ապա Մինասեան թուեց յաջող գովազդի յատկութիւնները:
Սեմինարի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 7 Հոկտեմբեր 2023-ին Դասախօս Հռիփ Կանանեան ներկայացուց «Սուրիահայ Մամուլի համառօտ պատմութիւնը» Հալէպ մէջ առաջին տպագիր թերթէն, հասնելով մինչեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթ։ Անդրադարձաւ իւրաքանչիւր թերթի բնոյթին, բովանդակութեան, խմբագիրներուն եւ այլն: Աւարտին լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ հայ մամուլին կարեւոր դերը:
Ապա տեղի ունեցաւ գործնական աշխատանք «լուսանկարչութիւն» խորագրով, զոր վարեց լուսանկարիչ Պերճ Պօղիկեան։ Պօղիկեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ լրատուութեան մէջ լուսակարի եւ ընդհանրապէս պատկերի ազդեցութեան, բացատրեց լուսանկարելու հիմնական սկզբունքներն ու լրատուութեան համապատասխան լուսանկարի ընտրութեան կարեւորութիւնը, ապա ճիշդ ու սխալ լուսանկարներու համեմատութիւն կատարեց՝ գործնական աշխատանքի մղելով մասնակիցները:
Այնուհետեւ ձայնասփիւռի հաղորդումներ՝ «radio» նիւթը ներկայացուց Անժելա Չաղլասեան, որ ներկայացուց ձայնասփիւռային աշխատանքի բնոյթ ու դերը լրատուութեան մէջ, «Ռատիօ Երազ»-ի սփռուող յայտագիրներուն եւ ուղիղ եթերի մասին խօսեցաւ ու պարզեց հաղորդումներու նախապատրաստական աշխատանքը:
Սեմինարի վերջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Զարմիկ Պօղիկեան։ Ան խօսեցաւ պատկերասփիւռային յատկապէս լրատուական հաղորդումներու մասին, պարզեց պատկերասփիւռային հաղորդումներու առաւելութիւնները, հանրութեան հասանելիութեան տոկոսը, ինչպէս նաեւ տարբերութիւնը տպագիր կամ առցանց մամուլէն:
Ետքը տեղի ունեցաւ վարժողական աշխատանք։ Իւրաքանչիւր մասնակցող լրատուութեան տեսակ մը պատրաստեց ու ներկայացուց, որմէ ետք տեղի ունեցան կարգ մը լրատութիւններու բարձրաձայն ընթերցում եւ սրբագրութիւն:
Աւարտին, Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան շնորհակալական խօսք ուղղեց Հրատարակչական Յանձնախումբի ընկերուհիներուն, խոստանալով յաճախակիօրէն կազմակերպել նմանօրինակ շահեկան դասընթացքներ։
Սեմինարը փակուեցաւ ՍՕ Խաչի օրհներգով։

Սոնա Ճարպիկեան