Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբեր 2023֊ի առաւօտեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան հովուական այցելութիւն տուաւ Գամիշլիի Ազգային վարժարաններուն։
Այցելութիւններուն կ՚ընկերակցէին Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան կազմերէն անդամներ։
Ազգային Եփրատ մանկապարտէզի տնօէնուհի Հուրի Փաշայեան-Սարգիսեան եւ մանկապարտէզի ուսուցչաց կազմն ու փոքրիկները ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորեցին հոգեշնորհ հայր սուրբն ու իրեն ընկերակցող հիւրերը։ Անոնք ազգային երգերով եւ արտասանութիւններով խանդավառութեամբ ներկայացուցին իրենց սորվածը։

Հայր սուրբը գնահատեց փոքրիկներու ներկայացումը եւ ուսուցչուհիներու տքնաջան աշխատանքը՝ բարի եւ յաջող տարեշրջան մաղթելով անոնց։
Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը ուղղուեցաւ Ազգային Եփրատ Նախակրթարան, ուր ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի Լուսին Աւետիսեանի, ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ։
Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ լեզուի պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու գլխաւոր երաշխիքը համարելով հայ լեզուն եւ ազգային դպրոցները, որոնք հայապահպանման դարբնոցներն են եւ պատնէշ ընդդէմ այլասերման եւ ձուլման վտանգին։

Ապա ներկաները ազգային միացեալ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարան ուղղուեցան, ուր համախմբուած էր աշակերտութիւնը։ Տնօրէնուհի Նայիրի Խաչատուրեան-Թէօքմէճեան բարի գալուստ մաղթեց հոգեշնորհ հայր սուրբին եւ ընկերակցող հիւրերուն ու հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ վարժարանի ներկայ իրավիճակին։
Նշենք որ հայր սուրբը երեք վարժարաններուն մէջ հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէնութեան եւ աշխատակազմին հետ՝ մօտէն հետեւելու 2023֊2024 տարեշրջանի մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն, ազգային վարժարաններուն մաղթելով անփորձանք տարեշրջան եւ նորանոր վերելքներու նուաճում։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն