Հալէպի Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան մէջ կրկին համախմբուեցան Ազգ. Քարէն եփփէ Ճեմարանի 1983-ի շրջանաւարտները։

40 տարի շարունակ այս սերունդը համախմբած է Ճեմարանին պատկանելիութեան ջերմ զգացումը, գիտակցութիւնը։ Ճեմարանը սոսկ ուսումնակրթական հաստատութիւն մը չէ եղած ինչպէս այս սերունդին, այնպէս ալ շրջանաւարտ բոլոր սերունդներուն համար։ Ան եղած է հայեցի դաստիարակութեան ու ազգային շունչով սերունդներու տոգորման ջերմ միջավայր մը։ Աւելին. Ճեմարանի շրջանաւարտները կազմած են Ճեմարանի մեծ ընտանիքը, որ միշտ եղած է վարժարանին կողքին, նեցուկ կանգնած անոր՝ տարաբնոյթ դժուարութիւններու մէջ ու նպաստած Ճեմարանի գոյատեւման։

1983-ի շրջանաւարտները համախմբուելով յիշատակեցին իրենց շրջանաւարտ դառնալուն 40-ամեակը, վերապրեցան Ճեմարանին պարգեւած մթնոլորտն ու քաղցրաբոյր օրերը վերյիշելով խոստացան մնալ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին հաւատարիմ զաւակները։