Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Տերիք, ընկերակցութեամբ թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան կազմերուն։
Հայր սուրբն ու անոր ընկերակցող ազգայինները ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցան Տերիքի թաղականութեան, վարժարանի տնօրէնուհիին, ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ, որոնք կանչերով եւ երգերով ողջունեցին հիւրերը։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը վարժարանի շրջափակէն ներս իր խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ. «Դուք էք մեր յոյսը եւ գաղութի ապագան։ Ձեզմով կը ծաղկին հայ կեանքն ու մշակոյթը սահմանամերձ այս հողին վրայ։ Դուք պատնէշն էք եւ պահապանը հայ լեզուին, ինչպէս մեծ գրագէտ Լեւոն Շանթ ըսած է. «Երկու միջոց կայ `դպրոց եւ գիրք, որոնք միայն կրնան փրկարար դեր կատարել եւ հայ հոգիներու մէջ ազգայինը բարձրացնել»։ Դուք ալ միշտ տէր եղէք հայ գիրին ու լեզուին, որպէսզի ծաղկի հայ կեանքը»։

Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբը հանդիպում ունեցաւ թաղականութեան, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին հետ՝ իրազեկ դառնալու վարժարանի ներկայ իրավիճակին եւ շրջանի դժուարութիւններուն, վարժարանի աշակերտութեան մաղթելով բարի եւ անփորձանք տարեշրջան։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն