Սուրիոյ պատմական Հալէպ քաղաքի հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասի մէջ 1947-էն ի վեր կայ ամրոց մը, ուսումնակրթական հրաշալի տաճար մը, որ կը կոչուի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան: Ոչ ոք կրնայ անտարբեր անցնիլ այդ մտքի դարբնոցին ու լոյսի տաճարին դիմացէն: Այդ մարդակերտման ու հայակերտման դարբնոցէն տասնամեակներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներ շրջանաւարտ եղած են` զինուած գիտութեամբ ու մարդկային վեհ արժանիքներով. ու ճեմարանական ըլլալը այցետոմս է կարծես, աշխարհացրիւ հայութիւնը զիրար կապելու, յուշեր ու յիշատակներ բաժնեկցելու, ուսանողական տարիները վերյիշելու:
Այս միտումով, Շաբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան «Յառաջ» կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ` ՔԵԱ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի վարչութեան եւ «Յառաջ» կեդրոնի, մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ նախկին ճեմարանական, վաստակաշատ կրթական մշակ, գրող, ազգային գործիչ, Ամերիկայէն հիւրաբար Երեւան գտնուող Գէորգ Պետիկեանի հետ:

ՔԵԱ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի Վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Ռաֆֆի Աւետիսեան, ապա Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան ընթերցեց Գ. Պետիկեանի «Մոգականը» խորագրով յօդուածը:
Ներկաները յուզումնախառն զգացումներով ունկնդրեցին եւ վերապրեցան Ճեմարանի անմոռանալի օրերը: Անոնք մտովի փոխադրուեցան ծննդավայր Հալէպ ու Ճեմարանի դարպասէն ներս մտնելով փնտռեցին իրենց դասընկերներն ու ուսուցիչները:

Գէորգ Պետիկեան հաճելի պատումով անդրադարձաւ իր կեանքին, գրական ստեղծագործութիւններուն եւ իբրեւ աւելի քան քառորդ դարու ուսուցիչ-տնօրէն, նաւարկելով յիշողութեան գետին վրայ, ներկայացուց իր անմոռանալի յուշերը սիրելի աշակերտներուն հետ:

Սոյն հաւաքին ներկայ էր նաեւ ՔԵԱ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Է. Րէիսեան:
Տնօրէնուհին ամփոփ ձեւով ներկայացուց Ճեմարանի ներկայ իրավիճակը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ձեռք բերած յաջողութիւնները:
Աւարտին, Գէորգ Պետիկեան ներկաներուն նուիրեց իր նոր լոյս տեսած «Քերթուածներու Հաւաքածոյ»-էն մէկական օրինակ:
Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հաւաքէն ներկաները մեկնեցան, բարձր տրամադրութեամբ ու կրկին հանդիպելու բարեմաղթութեամբ: