Թուրքիան եւ Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ Թրքական Հանրապետութիւնը (ՀԿԹՀ) Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ միացեալ որոնողափրկարարական զօրավարժութիւններ կը կատարեն։
Զօրավարժութիւնը նուիրուած է 21 Յուլիս 1974-ին՝ Թուրքիոյ կողմէն Կիպրոս ներխուժման ընթացքին խորտակուած «TCG Kocatepe» նաւին մէջ մահացած Ճաներ Գիոնիեծէլի յիշատակին:
Մինչ ծովին մէջ որոնողափրկարարական վարժանքներու սկսիլը կատարուած են նաեւ ցամաքային ռազմափորձեր։
Նշուած է, որ ռազմափորձերու որպէս դիտորդ ներկայ եղած են 13 զինուորական կցորդ 6 երկիրներէն՝ Ատրպէյճանէն, Կ
Քոսովոյի, Ճիպութէն, Քաթարէն, Լիպիայէն եւ Փաքիստանէն։