Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլ կը շարունակէ սաստկացել օդային, ծովային եւ ցամաքային յարձակումները Կազզայի բոլոր շրջաններուն վրայ, անոնց մէջ ըլլալով «Շիֆաա» եւ «Անտոնիսի» հիւանդանոցները, որոնք Իսրայէլ աւելի քան տասը անգամ հրթիռակոծուեցան։
Լրատուամիջոցներ շեշտեցին, որ Իսրայէլ անջատեց հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները եւ համացանցը Կազզայէն, իսկ 7 Հոկտեմբերէն ի վեր անջատած է ելեկտրականութեան հոսքը։
Լրատուամիջոցներ աւելցուցին, որ քաղաքային պաշտպանութեան խմբակները երբեք կարելիութիւն չունին հասնելու յարձակումի ենթարկուած շրջաններ՝ նահատակները դուրս բերելու հոնկէ. տեղացիները իրենց անձնական փոխադրամիջոցներով կը փոխադրեն նահատակները եւ վիրաւորները։