The Economic Times պարբերականը գրած է, որ Հնդկաստան դիտարկած է Հայաստանին սպառազինութեան նոր խմբաքանակ մատակարարելու կարելիութիւնը։

«Հնդկաստան կը մտածէ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ռազմավարական դաշնակիցին՝ Հայաստանին սպառազինութեան նոր խմբաքանակ մատակարարելու մասին՝ անցեալ տարուան ընթացքին սպառազինութեան առաջին խմբաքանակի յաջող մատակարարումէն վերջ», գրած է պարբերականը։
Նշուած է, որ վերջերս Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը ժամանած է Նիւ Տելհի եւ քննարկումներ կատարած են այս առնչութեամբ։ Պարբերականը ընդգծած է, որ Հնդկաստան դարձած է զէնքի վստահելի մատակարար Հայաստանին համար։
Նոր մատակարարումներուն մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չկան, սակայն, ինչպէս կը նշէ պարբերականը, հայ դիտորդները, որոնք փափաքած են անանուն մնալ, ըսած են, որ խմբաքանակը կարող է ներառել սարքաւորումներ, որոնք զսպող միջոց կը հանդիսանան Ատրպէյճանի հետ բարդ իրավիճակին մէջ։
Հնդկաստանի կողմէ Հայաստանին մատակարարուած սպառազինութեան վերջին խմբաքանակը ներառած է Pinaka տեսակի բազմափողանի հրթիռային կայաններ, հակաթանկային միջոցներ, հրթիռներ եւ այլ զինամթերք։