Երէկ` Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Արցախի տագնապին հետեւանքներուն եւ սփիւռքին առնչուած շարք մը հարցեր: