Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ-Պուրիչ հանդիպած է Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նաղիեւի հետ։
Հանդիպումին քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան խթանման կարեւորութիւնը՝ վստահութեան ամրապնդումի միջոցներով:
Մարիա Փեյչինովիչ-Պուրիչ հաստատած է, որ բոլոր անոնք, որոնք ապրած են Եւրոպայի Խորհուրդի աշխարհագրական տարածքին մէջ, իրաւունք ունին լիարժէքօրէն օգտուելու մարդու բոլոր իրաւունքներէն եւ ազատութիւններէն, որոնք ամրագրուած են Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական համաձայնութեամբ: