Երեւանի մէջ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքի հետ հանդիպումէն վերջ կայացած ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստան այսօր լուրջ մտավախութիւններ ունի, որ Ատրպէյճանի կողմէն տակաւին կան հաւակնութիւններ ու տարածքային պահանջներ։ Այս մասին
Նախարարը յիշեցուց, որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանը քանի մը անգամ ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։
«Ցաւօք, այսօր առկայ են լուրջ մտավախութիւններ, որ հարեւան երկիրներու, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի կողմէն տակաւին կան հաւակնութիւններ, տարածքային պահանջներ Հայաստանին նկատմամբ։ Կան նաեւ որոշակի վերապահումներ ՀՀ ինքնիշխանութեան նկատմամբ, մասնաւորապէս, երբ խօսքը, օրինակ, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներուն մասին է։ Այնպէս որ, այդ մտավախութիւնները տակաւին այսօր ալ կան», ըսաւ Միրզոյեան։
Անոր խօսքին համաձայն, Ատրպէյճանի հետ սահմանային հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ կ’աշխատին, սակայն յստակ լուծում տակաւին չկայ: