Պաղեստինեան ազգային դիմադրութիւնը բարձր գնահատեց Չիլիի եւ Քոլոմպիայի Իսրայէլէն իրենց դեսպանները յետս կոչելո կեցոււածքը՝ որպէս բողոք Կազզայի դէմ իրագործած գրոհին եւ ոճիրներուն։

Դիմադրութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց. «Կը շեշտենք, որ պատմութիւնը իր էջերուն մէջ պիտի արձանագրէ իսրայէլեան գրոհը մերժող եւ մեր դատին զօրակցող բոլոր պետութիւններուն հպարտալի կեցուածքը»։

Դիմադրութիւնը աւելցուց. «Կոչ կ՚ուղղենք բոլոր պետութիւններուն, յատկապէս՝ արաբական եւ իսլամական, որոնք Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները բնականացուցած են, անմիջապէս խզելու զանոնք եւ յետս կանչելու իրենց դեսպանները»։