Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհը դադրեցնելու գծով միջազգային հանրութեան ձախողութեան հետ Իսրայէլ մէկ ամիսը բոլորելով մէկտեղ կը շարունակէ իր ոճիրները Կազզայի դէմ։

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ նախորդ գիշեր իսրայէլեան օդանաւեր հարիւրաւոր յարձակումներ գործեցին Կազզայի կեդրոնը, հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան շրջաններուն վրայ, որոնց հետեւանքով աւելի քան 60 նահատակ եւ տասնեակ վիրաւորներ արձանագրուեցան։

Իսրայէլեան օդանաւերը հրթիռակոծեցին նաեւ Կազզայի «Շիֆաա» բժշկական կեդրոնը եւ փոքրիկներու «Ռանթիսի» հիւանդանոցը։

7 Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Իսրայէլ ցեղասպանութիւն կը գործէ Կազզայի դէմ, որուն հետեւանքով ցարդ արձանագրուած է 10. 000 նահատակ, որոնց 4800-ը փոքրիկ, 24.800 վիրաւոր, 1, 5 միլիոն տեղահան, ինչպէս նաեւ քանդուած է 260.000 բնակարանային միաւորում, 55 մզկիթ, վնասուած է 3 եկեղեցի, 220 դպրոց եւ 88 հաստատութիւն։