Արաբ արտաքին գործոց նախարարները գումարեցին արաբական լիկայի արտակարգ գագաթնաժողովի նախապատրաստման նիստը, քննարկելու սեւագրութիւնը այն բանաձեւին, որ կը վերաբերի Կազզայի դէմ Իսրայէլի գրոհին։ Բանաձեւը պիտի ներկայացուի արաբ ղեկավարներու գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Շաբաթ։

Նիստին ընթացքին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ շեշտեց կարեւորութիւնը արաբական միացեալ կեցուածք մը դրսեւորելու՝ Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու դէմ ի գործ դրուած ոճրարարքները, ցեղասպանութիւնը եւ պաղեստինցիներու բռնի տեղահանումն ու հայրենի իր հողէն արմատախիլ ընելու ծրագիրները բացայայտելով դատապարտելու։

Մըքտատ շեշտեց, որ հարկ է մէկտեղել ջանքերը անմիջապէս դադրեցնելու պաղեստինցիներու ցեղասպանութիւնը եւ թոյլ տալու որ մարդասիրական օժանդակութիւնները հասնին անոնց, ինչպէս նաեւ դադրեցնելու պաղեստինցիներու բռնի տեղահանումը։