Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2023-ի «22» թուակիր օրէնքը, որուն համաձայն 2013-ի «55» թուակիր օրենսդրական սահմանադրութեան հսկողութեան եւ պաշտպանութեան յատուկ ընկերութիւններու օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։

Փոփոխութեան նպատակն է սոյն ընկերութիւններուն աշխատանքը զարգացնել, նախորդ օրէնքին թերի կողմերը սրբագրել եւ արձանագրուող խախտումներուն համապատասխան տուգանք պարտադրել։