Սուրիոյ Խորհրդարանի Սուրիական-հայաստանեան խորհրդարանական բարեկամական յանձնախումբի նախագահն ու անդամները 13 Նոյեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։
Հանդիպումին ընթացքին յանձնախումբի նախագահ Լիւսի Իսկէնեանն ու յանձնախումբի անդամները, որոնց կարգին նաեւ երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, անդրադարձան երկու բարեկամ երկիրներու սերտ յարաբերութեան, լուսարձակի տակ առնելով Սուրիոյ Խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած ըլլալու կարեւորութիւնը։ Այս առիթով, անոնք կարեւոր համարեցին Սուրիոյ Խորհրդարանին եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովին միջեւ խորհրդարանական գործակցութեան կարեւորութիւնը, ապա բարձր գնահատեցին Հայաստանի մօտեցումը պաղեստինեան հարցին նկատմամբ։

Իր կարգին Արշակեան անդրադարձաւ երկու երկիրներու պատմական յարաբերութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ Խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար ու շեշտեց երկու երկիրներու խորհրդարանականներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը, յատկապէս աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններուն լոյսին տակ։

Արշակեան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստան կը զօրակցի պաղեստինեան հարցի արդար եւ ամբողջական լուծման ջանքերուն։

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան։