Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ ալ-Մըքտատ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին շեշտեց Սուրիա-Հայաստան պատմական յարաբերութիւններու խորութիւնը, ինչ որ կ՚արտացոլայ միջազգային հարթակի շարք մը հարցերու վերաբերեալ երկու երկիրներու նոյնանման մօտեցումներուն մէջ, յատկապէս՝ երկիրներու գերիշխանութեան պահպանման եւ անոնց ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութեան բացառման գծով:

Նախարար Մըքտատ դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան տարածաշրջանի լարուածութիւնն ու տագնապները սրող քաղաքականութեան եւ զերծ մնան երկիրներու ներքին հարցերուն միջամտելէ։

Այս շրջագիծէն ներս, նախարար Մըքտատ անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրած տնտեսական միակողմանի պատժամիջոցներու անմարդկային հետեւանքներուն։

Ան կարեւոր համարեց խորհրդարանական աշխատանքին դերը՝ երկու երկիրներու բարեկամական կապը ամրապնդելու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ անոնց գործակցութիւնը զարգացնելու իմաստով։

Իր կարգին հայաստանի պատուիրակութեան նախագահը շեշտեց, որ Հայաստան կը մերժէ բռնատիրութիւնը իր տարբեր ձեւերով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց պատմութեան ընթացքին Հայաստանի դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններուն մէջ Սուրիոյ զօրակցական մօտեցումին համար։

Արշակեան յայտնեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ գործակցութիւնը Սուրիոյ հետ, այդ կարգին նաեւ ականազերծման ոլորտին մէջ, իսկ միջազգային հարթակներու վրայ նեցուկ պիտի կանգնի Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Պետրոսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւրոպական հարցերու տնօրէնը։