Առաւօտեան, խոր վշտով իմացանք մահուան բօթը հանգուցեալ Վերժին Յակոբեանի՝ ի Հալէպ:
Խնամիական կապով մօտէն առնչուած ենք Յակոբեան ընտանիքին հետ: Վայելած եմ ստեղծուած փոխադարձ յարգանքը եւ անքակտելի մտերմութիւնը այդ նահապետական ընտանիքին, երբ Հալէպ կ՛ապրէինք: Կիսած ենք միասնաբար կեանքի քաղցրն ու լեղին, վայելելով տաքուկ, անբասիր սէրը ընտանեկան բոլոր անդամներուն:
Քանատա հաստատուելովս այդ զգացումը երբե՛ք չխամրեցաւ հեռաւորութեան եւ ժամանակի առթած գործօններուն բերումով, որովհետեւ այդ ընտանիքը ինծի համար դարձած էր սիրոյ, եւ միակամութեան, հայկական նահապետական տոհմի մը օրինակ, ուր անշահախնդրութիւնը ու իրար հանդէպ տածուած անսակարկ նուիրումը աչքառու ներկայութեամբ գոյ էին եւ կը հիւսէին իրար միջեւ հաստատուած յարաբերութիւնները:
Ներկայացուած այս խճապատկերին մէջ, հանգուցեալ «ամմօ» Յակոբը, տան սիւնը, իր կենցաղով, նիստ ու կացով, պայծառամիտ խօսքերով վրան գումարած իր շլացուցիչ, նախանձելի առատաձեռնութեամբ, քաշողական այնպիսի դիւթիչ մթնոլորտներ կը ստեղծէր, ուր շատ հանգիստ ու մեծ հաճոյքով իր օճախի ջերմութիւնը կը վայելէինք, որուն ներքեւ մեզ կը պարուրէր իր անսահման, տաքուկ մտերմութեամբը ու անկեղծ սիրովը:
Պէտք է խոստովանիլ, որ այդ ընտանիքին հիմնական սիւներու բաղադրիչներէն կարեւորագոյնը, շարժիչ մեքենան՝ հանդիսացած էր «ամմէ» Վերժինը, մանաւանդ ամմօ Յակոբի կողակիցին՝ հանգուցեալ Մարի քոյրիկին կանխահաս, անժամանակ մահէն ետք:
«Ամմէ»-ն ընտանիքի մայրազուրկ զաւակներուն հանդէպ իր անսակարկ նուիրումով, համեստ ու հոգատար նկարագիրով ու հանդարտաբարոյ շունչով, մարտի մասնակից նուիրեալի մը վճռականութեամբ աշխատեցաւ աւանդապաշտ այդ օճախը անսասան պահելու եւ օրինակելի եղանակով դաստիարակելու բոլորը՝ իր ժառանգած հայկական նահապետական վարքովը:
Իր համբերութեան չափը հասկնալու համար կրնամ թուել շատ մը օրինակներ, բայց ինծի համար ամէնէն խօսունը այն վիճակներն էին, որոնց ընթացքին լայնասրտութեամբ եւ հաճոյքով կը տանէր ընտանիքի դերատիներուն չարաճճիութիւնները, միայն սիրով ու քաղցր անմեղ ժպիտով մը փոխադարցելով նոյնիսկ անոնց շատ անհաճոյ կարգ մը «սրամտութիւնները»:
Բնական է. այս օճախէն ներս եռուն երթեւեկը՝ ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու, կարելի չէր պատկերացնել առանց իր մեծահոգի, հիւրընկալ բարեմասնութիւններուն: Անտրտունջ, բացարձակ կամեցողութեամբ, տան դռները լայն բացաւ բոլորին առաջ, միշտ «ԱՀԼԼԱ՜Ն ՈՒ ՍԱՀԼԼԱ՜Ն»-ներով, լայնաժպիտ «բարի եկար»-ներով դիմաւորելով իր հիւրերն ու ծանօթները:
Իր այլ ուշագրաւ բարեմասնութիւնը՝ քրիստոնեայ շատ բարեպաշտ եւ կիրթ ըլլալու հանգամանքն էր: Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցին դարձուցած էր իր վէմը: Առողջապահական ծանրագոյն վիճակները արհամարելով, անպայման պիտի մասնակցէր Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ հոգեպարար պատարագին: Ան երկա՜ր տարիներ ծառայեց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու հանդիսացաւ բարեգործ աշխատանքներու լուր ախոյեան:
Ազգային ծառայութեան իր անսակարկ բաժինը բերաւ նաե՛ւ ՍՕԽ-ի մեծ ընտանիքին ճամբով, հալէպահայութեան բարեգործական կարիքներուն հասնելով եւ համահայկական բնոյթ ունեցող նախաձեռնութիւններուն անսակարկ նուիրումով:
Իր ամէնէն հաճոյալի պահը կ՚ըլլար, երբ առիթը կը ներկայանար արտայայտուելու Տիգրանակերտի բառբառով: Հոն կը տեսնէիր, թէ որքա՜ն կը հրճուէր եւ իր հոգին թռիչք կ՛առնէր ապրելով գաւառի հարազատութիւնը ու պարզունակութիւնը՝ հնչեղ բառերուն ընդմէջէն:
Անաղմուկ, «վայելուչ» իր մահով ի՛սկ, պատգամեց իր շրջապատին թէ որքա՜ն կը սիրէ զինք, նախընտրեց նոյնի՛սկ առանց վերջին հրաժեշտ տալու, անշշուկ մեկնիլ՝ Ամենակալին յաւիտենական անդորրութեան մէջ հանգչելու:
Լոյսերու մէջ հանգչէ՛, սիրելի Ամմէ, բոլորանուէր մայր:
Սգակիր բարեկամ՝
Ժան Հալլաճեան
Թորոնթօ, 14 Նոյեմբեր 2023