Վերջին ամիսներուն, մանաւանդ Արցախի պարպումէն եւ պաղեստինեան պատերազմը սկսելէն ետք, շատ տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր ազգութեան պատկանող ժողովուրդներէ յաճախ կը լսենք այս խօսքը՝ «ես մէկ հոգի եմ, մինակս ի՞նչ կրնամ ընել աշխարհի այս իրարանցումին մէջ», որ խորքին մէջ դասալքութեան թունդ արտայայտութիւն է:
Այնքա՜ն բան կայ ընելիք. օրինակ չե՞ն պաղեստինցիները, որոնք իրենց պայքարին սկիզբէն, երբ տեսան թէ աշխարհի նոր համակարգը լրատուական ծանուցումներով կ’ընթանայ, կրցան ծանուցողական այնպիսի ցանց մը ստեղծել իրենց դատին համար, որ այսօր աշխարհը ոտքի կանգներ է զիրենք, իրենց հողը եւ այդ հողին վրայ արժանապատիւ կերպով ապրելու իրենց իրաւունքը պաշտպանելու:
Շատ բան կայ ընելիք մեզի համար. մենք, մեր փոքր թիւով (թէկուզ Սփիւռքը եւս հաշուելով՝ տասը միլիոն, իրենց քանի՞ միլիոնին դէմ, դո՛ւք հաշուեցէք) եւ մանր համարուող քայլերով, կրնա՛նք շատ բան ընել:
Առաջինը, որուն մասին պէտք է մտածենք, համացանցն է, իր շատ մեծ հասողութեամբ եւ ազդելու մեծ ոյժով:
Ա. Կուկըլի վրայ մեր վայրերուն անունները ամէն օր կը փոխուին թշնամի կայքերու կողմէ. նոյնիսկ Երեւանի սրտին վրայ գտնուող կառոյցները որպէս ազերիական վայրեր կը ներկայացուին: Հետեւող, պատկան կողմերը զգուշացնող եւ իրազեկող բանակի մը պէտք ունինք, որովհետեւ իրենք մեծ թիւով, մեծ լրջութեամբ եւ ջանասիրութեամբ ձեռնարկեր են այս աշխատանքին: Այս մասին գրած է հայաստանաբնակ սփիւռքահայ երիտասարդ մը՝ Ա. Գ. Երամեան.
«Այս անգամ Աբովեան 17 հասցէին անունին հարցն է, ինչպէս կը տեսնէք լուսանկարին մէջ. ամէն մարդ պէ՛տք է մտածէ թէ ի՛նչ կրնայ ընել. մէկը պէտք է կապ հաստատէ Google-ի մէջ հայ աշխատողներու հետ եւ Երեւանի ու այլ մարզերու անունները փոխելու կարելիութիւնը փակէ այդ տարածքին մէջ: Եթէ չհամագործակցինք Google-ի հետ, կը կորսնցնենք Google Քարտէզներու ճակատամարտը: Կը խնդրեմ որ տարածէք եւ այս աշխատանքը դարձնէք առցանց պատերազմի առաջնահերթութիւնը»:
Բ. Թրքական ապրանքը նոյնիսկ մեր վրայ «կը քալեցնեն», եւ մենք, տեղեակ չըլլալով, որպէս հայկական կը գնենք եւ կը տարածենք:
Ասոր որպէս օրինակ Աննա Մկրտչեանի էջէն Գոհար Ասատրեանի գրութիւնը ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ, որովհետեւ իրապէ՛ս մեծամասնութիւնը տեղեակ չէ կատարուածէն.
«ԲԱՑԱՌԷՔ ԱՅՍ ԿՏՈՐՆԵՐԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ ՁԵՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐԻ ԺԱՄԱՆԱԿ։
ԻՆՉՈ՞Ւ
Որովհետեւ
1. Այս կտորները արտադրւում են Թուրքիայում՝ Հայաստանի մշակոյթին հետ որեւէ կապ չունեն։
2.Իրենց մէջ չեն ներառում կամ մասամբ են ներառում հայկական որեւէ նախշ (մասամբ ներառում են, որովհետեւ մի ձեւ պիտի արդարացուի իրենց գոյութիւնը մեր շուկայում)։
3.Սա պատկանում է թշնամու կողմից կիրառուող «փափուկ» զէնքի դասին, ինչպէս նրանց կողմից նկարահանուող տարատեսակ հայկականը աղաւաղած ֆիլմերը։
4. Այս անճաշակութիւնը մի՛ անուանէք տարազի կտոր (տարազ նշանակում է որեւէ տարածաշրջանը խորհրդանշող հագուստ, իսկ սա ո՛չ տարածաշրջան է խորհրդանշում, ոչ էլ դրանով կարելի է հագուստ կարել):
5.Աղաւաղուած տեղեկութիւն պարունակող անճաշակութեամբ հենց փոքրուց երեխաների աչքը մի՛ սովորեցրէք այս լաթի գոյութեանը իրենց առօրեայում։
6.Այս կտորները թշնամին օգտագործում է իր միջոցառումների ժամանակ՝ իբրեւ ազգային տարր պարունակող կտոր ու եթէ այդ միջոցառման ժամանակ որեւէ հայ մօտենայ ու հարցնի՝ ինչո՞ւ էք մեր տարազի կտորը փռել ձեր սեղանին, կը ստանայ հետեւեալ պատասխանը՝ ՍԱ արտադրում ենք մենք մեր ազգային նախշերով։ Կը կարողանա՞ք ապացուցել, որ դա մերն է, ո՛չ, որովհետեւ նախ արտադրող երկիրը Թուրքիան է, երկրորդ՝ այդ կտորի մէջ մեր մշակոյթից ոչինչ կայ։
7.Պարտադիր ականջալուր եղէք մասնագէտների կարծիքին»:
Գ. Մեր երաժշտութիւնը ազատօրէն կ’օգտագործուի թէ՛ թուրքերու, թէ՛ ազերիներու կողմէ. ո՞վ տէր պիտի կանգնի անոր եւ ո՞վ պիտի զգուշացնէ հանրային կարծիքը:
Դ. Ուշադրութիւն դարձնել թէ ի՛նչ կը ցուցադրուի թանգարաններու մէջ, եւ կարելիութեան պարագային այդ ցուցադրութիւնները տանիլ միջազգային թանգարաններ: Օրինակ. 30 Հոկտեմբերին Մոսկուայի Պուշկինի անուան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է շատ կարեւոր ցուցադրութիւն մը, որ կը կրէ «Ուրարտուի թագաւորութիւնը. հին Հայաստանի ժառանգութիւնը. Ուրաշտու-Հարմինուա- Արմինա» խորագիրը եւ ուր ցուցադրուած են այնպիսի կարեւոր նմոյշներ, ինչպէս Երեւան քաղաքի ծննդեան վկայականը հանդիսացող Սարդուրի Բ. արքային սեպագիր արձանագրութիւնը:
Էրեբունի թանգարանի տնօրէն Միքայէլ Պատալեան բացման նախորդող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է.
«Այս ցուցադրութիւնը կը ցոլացնէ Հայաստանի նախաուրարտական, ուրարտական եւ յետուրարտական շրջաններու ժառանգութիւնը»:
Բացման յաջորդ օրը՝ 31 Հոկտեմբերին Պատալեան ելոյթ ունեցեր է դասախօսութեամբ մը՝ «Ուրարտուի Պետական Կրօնը» խորագիրով:
Այս ցուցադրութիւնը բաց է մինչեւ 28 Յունուար 2024:
Հարց պիտի տաք, թէ ի՞նչ կրնանք ընել. կրնանք այս մասին եղած թղթակցութիւնը թարգմանել՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ քանի մը այլ լեզուներու (թղթակցութիւնը երկար եւ բարդ չէ) եւ զայն դնել մեր դիմատետրեան էջերուն, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրին բարեկամները եւս կարդան: Ի վերջոյ նման գրութիւններով չէ՞ նաեւ որ միջազգային կարծիք կը ձեւաւորուի:
Ե. Մեր ծնողներուն, մեծ ծնողներուն եւ պապերուն լուսանկարները հաւաքել, տուեալները արձանագրել, դիմատետրի էջին դնել եւ յետոյ ղրկել «Յուշամատեան» կայքէջին, պահ տալու համար, նկատի առնելով որ գրեթէ մեր բոլորին նախահայրերը Արեւմտահայաստանէն կու գան, միջոց մը եւս հաստատելու մեր ծննդավայրերուն պատկանելիութիւնը:
Զ. Արցախի պարպումին տխուր առիթով կարգ մը նամակներ յղուեցան միջազգային որոշ կառոյցներու. այդ նամակները գտնել, եւ զանոնք կրկին-կրկին հրատարակել կայքէջերու մէջ:
Է. Մեր թշնամիներէն – մանաւանդ ազերիներէն –  կարեւոր թիւ մը որպէս հայ ելոյթ կ’ունենայ, որովհետեւ լաւ հայերէն գիտէ. անոնք տարբեր միջոցներ կ’օգտագործեն երբեմն մեր գրառումները ջնջելու, երբեմն վատ բաներ գրելու հայերու էջերուն, երբեմն ժխտականօրէն արտայայտուելու Արցախի մասին եւ կրկնելու ինչ որ իրենց նախագահը առիթ չի փախցներ կրկնելու: Հետեւաբար հետեւիլ նման գրառումներու եւ պէտք եղածը ձեռնարկել:
Ը. Միջազգային հրապարակին վրայ կան տարբեր մասնագիտութիւններու տէր բազմաթիւ հայեր, որոնց կարելի է լծել ծանուցողական կառքին, Արցախի վերջին պարպումին վաւերական պատկերը կարենալ տալու եւ համոզելու աշխարհին, որ ա՛յդ է ճշմարտութիւնը, եւ ոչ՝ ազերիական սուտերով յագեցած իրենց լսածն ու տեսածը:
Կը յիշէք, չէ՞, թէ ի՜նչ մեծ արշաւ կազմակերպած էր Քիմ Քարտաշեան Եղեռնի հարիւրամեակին, մինակը, մինչեւ ծայր օգտագործելով իր բոլոր լծակները:
Այս բոլորը հակակշռել պէտք է:
Բայց նախ պէտք է ծանօթ ըլլանք իրերու էութեան, ծանօթ ըլլանք մեր համաշխարհային դէմքերուն, գիտնանք անոնց հասնելու եւ զիրենք համոզելու միջոցները, ապա կազմակերպուինք, միակամ ըլլանք եւ գիտնանք թէ ե՛րբ ի՛նչ պէտք է ընենք:
Կրնաք համաձայն ըլլալ կամ ոչ, բայց եթէ այս ցանկէն իւրաքանչիւրս երկու կէտ իրագործէ, թերեւս դրական արդիւնքներու հասնինք:
Լաւ է ուշ, քան՝ երբեք …
Մարուշ Երամեան