1- Արօր եւ արօր(իկ)
Ենթադրելի է, թէ ամէն արեւմտահայ կը ճանչնայ արօր բառը՝ իբրեւ երկրագործական սարք, նոյնիսկ  եթէ տեսած չըլլայ զայն. այս պարագային ի մտի ունիմ լիբանանահայը, որուն կեանքին մէջէն շատ շուտ վերացաւ արօրը, որ անցած դարու կէսերուն այնքան տարածուած էր Պեքաայի ամբողջ երկայնքին: Ենթադրելի է, որ Անճարի հայրենակիցները աւելի նպաստաւորուած ըլլան՝ իւրաքանչիւրը ունեցած ըլլալով իր սեփականը մինչեւ … 1950-ականներու սկիզբը, երբ մեքենական քարշակը (tracteur) բրտօրէն մուտք գործեց այնտեղ եւս ՝ մէկ օրէն միւսը ապայժմէացնելով հազարամեակներու եզնաքարշ արօրը:
Ձախին՝ հայկական արօր: Աջին՝ եգիպտական արօր (Ժբ. դար Քա.):
Սարքին հետ շրջանառութենէ դադրեցան այնքան սիրելի բառեր, ինչպէս՝ խոփ, մաճ, մաճկալ, լուծ, հերկ, ակօս եւ նմանները: Ջաղացն ու աղօրիքը, աղօնն ու սերմնցուն իրենց կարգին: Արդի հայը դժուար թէ ըմբռնէ Դանիէլ Վարուժանի այնքան ջերմիկ ու հարազատ «Հացին երգը» ժողովածուի բառերը, որոնց բոլորին ծանօթ էին մեր
անմիջական նախնիները:
Արօրին  դէմ շատ աւելի բիրտ պայքար մղուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ուր երկրագործութիւնը մեքենականացնելու որոշումը տրուած էր կեդրոնական իշխանութեան կողմէ:
Ռաֆֆի ունի գողտրիկ երգ մը արօրի մասին, որուն առաջին տունը կ’ըսէ.
Իւր անուշ հոտով բուրէ մանիշակ,
Ի՜նչ հրճուանք այժմ քեզ գործի, մշակ,
Դէ՜, լծէ դու քո արօր եւ գութան,
Ցանել պտղաւէտ սերմունք գիտութեան:
* * *
Հայերէնը արօր (իկ) կը կոչէ նաեւ երկայնակտուց, վառեակի խոշորութեամբ գաղթող թռչուն մը, որուն տեսակը վտանգուած է եւ  որոշ տարածում ունի  Հայաստանի մէջ: Ան առարկայ դարձած է ժողովրդական գողտրիկ երգի մը, որ կը սկսի հետեւեալ բառերով.
Արօրն ասաց տատրակ հաւքուն. 
«Ինչո՞ւ կու լաս կուց-կուց արուն,
Երթայ-լցուի փոքրիկ առուն»: 
-հաւք(ուն), այսինքն՝ թռչուն(ին):
-տատրակ կը նշանակէ վայրի աղաւնի:
-կուց-կուց կը նշանակէ ափերով. կուց-ափ:
-արուն, այսինքն՝ արիւն:
-առու(ն), որ է ջուրի պզտիկ հոսանք, երիզ:
Երգին ամբողջութիւնը կրնաք գտնել Google-ով:
Այնտեղ կրնաք գտնել Կոմիտասի սքանչելի մեկնաբանութիւնը եւս:
Զայն շատ շնորհալի երգողներէն եղած է  Արմենակ Շահմուրատեանը:
2. Ափ եւ ափն
Սկսելու համար ըսեմ, որ արդի հայը հազիւ թէ գիտնայ, որ մենք ունեցած ենք եւ ունինք իրարանման երկու տարբեր բառեր: Հայր Կռանեանը, օրինակ, կը ճանչնայ մէկ ափ, որ խառն ի խուռն եւ հաւասարապէս կը նշանակէ՝ «ձեռքի մէջը, բուռ, եզերք»:
Մինչդեռ՝
-Մէկը՝ ափ է, որ թաթի մատներուն միջեւ գտնուող տափարակ մասն է, որ տեղին համեմատ կը կոչուի նաեւ բուռ. «ափ մը ցորեն» կամ «բուռ մը ցորեն»  նոյնանիշ են. ֆրանսերէն՝ paume, անգլերէն՝ palm, իտալերէն՝ palmo:
Այս նշանակութեան հետեւողութեամբ յառաջացած են հետեւեալ բառերը.
ափիբերան – որ կը նշանակէ զարմացած, պապանձած:
ափյափոյ – որ կը նշանակէ հարեւանցի, վեր ի վերոյ, հապճեպ. արեւելահայերը կ’ըսեն՝ ձեռաց, արաբերէնն ու թրքերէնը՝ հայալլա:
ափաչափ – ափի մը չափով, ծաւալով. ասոր բարբառային ձեւն է՝ ափչաք:
-Իսկ միւսը՝ ափն է, որ կը նշանակէ եզերք, մասնաւորաբար ջրային տարածութեան մը. օրինակ՝ ծովուն ափը, այլեւ գետին, ուրեմն՝ ծովափ(ն) եւ գետափ(ն). ածականները՝ գետափնեայ, ծովափնեայ:
Նաեւ ծայրամաս, օրինակ՝ փոսի, ձորի, ջրհորի. «Առ ափն ջրհորին» կը նշանակէ ջրհորին եզերքը: Այլեւ՝ հեռաւոր, անծանօթ, խորթ տարածքներ, ինչպէս՝ «օտար ափեր»:
Այս արմատէն յառաջացած է քարափ(ն), որ կը նշանակէ պարզապէս ժայռ, նաեւ՝ գետի կամ ծովու  եզերքին կառուցուած քարային տարածութիւն, ուր կը հաւաքուին նաւէն իջնողները կամ նաւ բարձրացողները, եւ կը կուտակուին ներկրելի կամ արտակրելի ապրանքները:
* * *
Գրաբարի մէջ այս երկուքը յստակօրէն կը զանազանուէին. այսպէս՝
-ափ -ափոյ -յափէ -ափով. ափք  -ափոց  -յափոց  -ափովք (ափօք):
-ափն-ափան-յափանէ-ափամբ. ափունք-ափանց-յափանց-ափամբք:
Աշխարհաբարի մէջ ափն կորսնցուցած ըլլալով բառավերջի «ն» բաղաձայնը, երկուքը ձեւով նոյնացած են եւ հաւասարապէս կու տան՝
-ափ-ափի-ափէ-ափով. ափեր-ափերու-ափերէ-ափերով:
Ձեւի եւ հոլովներու նոյնացումն ալ պատճառ դարձած է, որ կամաց-կամաց աղօտի ասոնց իմաստային տարբերութիւնը, եւ շփոթուին երկու բառերը ու ընկալուին իբրեւ մէկ բառ:
«Ափն» ձեւը պահուած է միայն գետափնեայ եւ ծովափնեայ ածականներուն մէջ:
1-Արօրի աւելի մեծ ու բարդ  մէկ տարբերակը
Արմենակ Եղիայեան