Երեքշաբթի, 14 նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան ըսաւ. «Ես չեմ կարծեր, որ Ատրպէյճան հրաժարած է իր 5 ուղղութիւններով պահանջներէն»:

«Առաջինը կը վերաբերի սահմաններու յստակացման, զոր Ատրպէյճան կը պատկերացնէ իր ձեւով կատարել: Ատրպէյճան յայտարարեց, որ այն դիրքերէն, ուր այսօր ինք կը գտնուի, չի պատրաստուիր նահանջել: Իսկ մեր կողմէ կը յայտարարուի առնուազն 200 քառակուսի քմ. տարածքի կորուստի մասին: Երկրորդը անքլաւներն (միջերկիրներ) են, որոնք մեզի շատ լուրջ հարուած պիտի հասցնեն: Ռազմավարական ճամբաներու վերահսկողութիւնը ամբողջութեամբ պիտի կորսնցնենք: Այդ անքլաւները յանձնելով Հայաստան ինք կրնայ անքլաւ դառնալ:

Երրորդը Նախիջեւանի հետ կապի հարցն է: Հիմա իրենք կ՛ըսեն` լաւ, «միջանցք» բառէն շատ կը նեղանաք, եկէք ուրիշ բառ օգտագործենք` փոխադրական ուղի, երթուղի, կամ… Բայց իրենք չեն ուզեր, որ ատոր իմաստը կորսուի: Իրենք կը պահանջեն, որ այդ տարածքը ունենայ առնուազն այն կարգավիճակը, որ նախատեսուած է 9-րդ կէտով: Հայաստան կը փորձէ ըսել, որ այդ 9-րդ կէտը այլեւս գոյութիւն չունի, բայց ստորագրութիւնը գոյութիւն ունի: Եթէ կարենան այդ կէտի պահանջներէն դուրս գալ, ատիկա այլ վիճակ պիտի ստեղծէ», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան յիշեցուց, որ Ռուսիա եւս կը պահանջէ, ըսելով, որ մենք բան մը ստորագրած ենք, եւ հարցի լուծման ճանապարհային քարտէզը եռակողմ համաձայնութիւններու հիման վրայ պէտք է տեղի ունենայ:

Չորրորդը, ըստ Ռուստամեանի, փոխհատուցումներու հարցն է. «Եթէ մենք յայտարարեցինք, որ Արցախը կու տանք, ատով կը փրկենք Հայաստանը, մենք Արցախը տալով եւ ըսելով, որ Արցախը Ատրպէյճան է, մենք 1988-էն սկսեալ Հայաստանը դրինք այնպիսի պարտաւորութիւններու տակ, համաձայն որոնց Հայաստան պէտք է փոխհատուցէ այն մասը, որ գտնուած է Հայաստանի վերահսկողութեան տակ` 12 հազար քմ.ը ան պիտի հաշուէ եւ պիտի ըսէ` եթէ ատիկա իմս ըլլար 1988-էն, ես կ՛ունենայի այսքան եկամուտ, հիմա այն կորուստները, որոնք ես ունիմ, պէտք է դուն փոխհատուցես:

Յաջորդ հարցը պիտի ըլլայ ատրպէյճանցի գաղթականներու վերադարձը, անոնք 100 հազարներով պիտի վերադառնան Հայաստան: Մենք պիտի չերթանք Պաքու եւ Սումկայիթ ապրելու, բայց իրենք պիտի գան: Անկէ ետք ի՞նչ պիտի մնայ Հայաստանէն: Ես ըսած եմ` տուինք Արցախը, պիտի թրքանայ Հայաստանը: Հիմա Հայաստանը թրքացման ճամբուն վրայ է», ըսաւ Ռուստամեան: