Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Չորեքշաբթի, 15 Նոյեմբերին ընդունեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Նախագահը յայտնեց երկկողմ յարաբերութիւններու խորութիւնը, որոնք կը միաւորեն երկու երկիրներն ու սուրիացի եւ հայ ժողովուրդները: Ասատ կարեւոր համարեց այդ յարաբերութիւններու ամրապնդումը՝ նկատի ունենալով այն մարտահրաւէրները, զորս կը դիմագրաւեն երկու երկիրները եւ այն խառնաշփոթը, որուն ականատեսն է ողջ աշխարհը՝ անկախ երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագրերը վերահսկելու արեւմուտքի քաղաքականութեան հետեւանքով։